Պըրրի Ընդունեց Ժոմպլաթը

Ապու Ֆաուր, Ժոմպլաթ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ մաղթեց, որ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին կարելի ըլլայ լուծում մը գտնել:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այս մասին խորհրդակցութիւններ կատարուած են Ապու Ֆաուրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ինք Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ նախագահական ընտրութեան մասին քննարկումներ չէ կատարած:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ սէյիտ Նասրալլայի հետ ինք հիմնականին մէջ քննարկած է Կազայի իրավիճակը` նշելով, որ անոր միտք բանին Համասը չէ եւ աւելցնելով, որ Համաս պատերազմէն յաղթական դուրս պիտի գայ: Ժոմպլաթ ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը արաբներ, Իսրայէլ ու Միացեալ Նահանգներ Պաղեստինի դէմ դաւադրութիւններ կը սարքեն:
Ան նաեւ հաստատեց, որ Համաս պիտի յաղթէ այնպէս, ինչպէս 2006-ին Լիբանան յաղթեց:

