Նախկին Երեսփոխան Ահմետ Հպուս Դիպուածով Ծանրօրէն Կը Վիրաւորուի
Նախկին երեսփոխան Ահմետ Հպուս երէկ Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ կը մաքրէր իր գնդացիրը եւ դիպուածով դէմքէն ստացաւ փամփուշտ մը:
Հպուս անմիջապէս փոխադրուեցաւ Քուրայի Հայքալ հիւանդանոցը, ուր վիրահատութեան ենթարկուեցաւ:
Նշենք, որ Հպուս 1996-ին ընտրուած է Թրիփոլիի շրջանի ալեւի համայնքի երեսփոխան. ան ալեւի համայնքի պատասխանատուներէն կը նկատուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

