Իսրայէլեան Ուժեր Կ՛առեւանգեն Լիբանանցի Հովիւ Մը Եւ Կէս Գիշերին Ազատ Կ՛արձակեն Զայն

Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, իսրայէլեան ուժերը խզած են սահմանային Կապոյտ գիծը եւ Շեպաայէն առեւանգած են լիբանանցի հովիւ Իսմայէլ Խալիլ Նապաան:

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը անմիջապէս սկսան բանակցիլ իսրայէլեան ուժերուն հետ` առեւանգուած հովիւը ազատ արձակելու նպատակով:

Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ կատարուած այս ոտնձգութեան պատճառով սահմանին վրայ լիբանանեան բանակն ու իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակ ստացան:

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թինընթի շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը կը հետապնդէ առեւանգուած լիբանանցի հովիւին հարցը եւ կ՛աշխատի զայն ազատ արձակելու ուղղութեամբ:

Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ այդ նպատակով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ եւ բանակցութիւններ կը կատարէ իսրայէլեան կողմին հետ:

Երէկ ուշ գիշերին հաղորդուեցաւ, որ ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Նաքուրայի մէջ ստանձնած են առեւանգուած հովիւը:

ՆՇԵՆՔ, որ լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց 8 սուրիացիներ, որոնք ուղղակի կապեր ունէին Ժապհաթ Նուսրայի հետ:

Share this Article
CATEGORIES