Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Կարեւոր Կը Նկատէ Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Երիտասարդական Խումբերուն Արցախ Այցելութիւնները
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 29 յուլիսին ընդունեց ՀՄԸՄ Անգլիոյ երիտասարդական պատուիրակութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց, որ ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատեց սփիւռքի կազմակերպութիւններու երիտասարդական խումբերուն Արցախ այցելութիւնները, որոնց միջոցով կարելիութիւն կը ստեղծուի ամրապնդել կապերը հայրենիքին հետ:
Ապա Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուց Հարաւային Կովկասի շրջանային, մասնաւորաբար անվտանգութեան հոլովոյթներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ունեցած դերին, անոր հանրային-քաղաքական, ընկերային-տնտեսական կեանքին, Արցախի մէջ իրականացուող համահայկական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթի վերաբերող հարցեր: Հանդիպման աւարտին Աշոտ Ղուլեան պատասխանեց երիտասարդ հայրենակիցները յուզող հարցումներուն:

