Սէյրան Օհանեան Այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան Բանակ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 27 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, Օհանեան Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի ուղեկցութեամբ իրականացուցած է շրջայց առաջնային գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ:
«Հայկական երկու հանրապետութիւններու ռազմական նախարարութիւններու ղեկավարները հանդիպեցան բանակի ղեկավար կազմին եւ զօրամասերու հրամանատարներուն, ծանօթացան առաջնային գիծի ճարտարագիտական արգելափակոցներու համակարգերու, դիտարկման, կրակի վարման եւ ազդանշանային համակարգերու կատարելագործման ուղղութեամբ իրականացուած եւ շարունակուող աշխատանքներուն», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Վերջին շրջանին հակառակորդի աշխուժացման փորձերուն վերաբերեալ` պաշտպանութեան նախարարները անձնակազմին տուին մեթոտական ցուցմունքներ եւ առաջադրեցին համապատասխան խնդիրներ:
Սէյրան Օհանեան եւ Մովսէս Յակոբեան մասնակցեցան նաեւ Մարտակերտի շրջանի Քոլատակ գիւղին մէջ բարերար Հայկ Մաղաքելեանի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով կառուցուելիք զինուորական աւանի հիմնարկէքի արարողութեան:

