Հեծելարշաւ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչը Հանդիսացաւ 5-րդ

30-07_cyclingՓորթուգալի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի հեծելարշաւի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ գոց մարզադաշտի մը մէջ` մասնակցութեամբ 24 երկիրներու հեծելանւորդներու:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Էդկար Ստեփանեան 25 քմ այս մրցումին գրաւեց 5-րդ պատուաւոր դիրքը, կը յայտնէ ArmSport.am:

Նշենք, որ ան այս ախոյեանութեան կը մասնակցէր Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի խումբի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կէօզալեանի ղեկավարութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES