«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Ֆըղալի Եղբայրները Տիրապետեցին «Հիլ Քլայմպ»-ի 3-րդ Հանգրուանի Մրցումին

PROFOTO

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Ֆալուղայի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Հիլ Քլայմպ»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ` 35 ինքնաշարժներու:

Ֆըղալի եղբայրները տիրապետեցին այս 3-րդ հանգրուանին, երբ գրաւեցին առաջին երկու դիրքերը:

Ռոժէ Ֆըղալի հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 2 ժամ 02′ 42″ արդիւնք մը, մինչ անոր եղբայրը` Ապտօ Ֆղալի, գրաւեց 2-րդ դիրքը` 2 ժամ 05′ 24″ արդիւնք մը արձանագրելով: 3-րդ դիրքը գրաւեց Զիատ Ֆըղալի (2 ժամ 06′ 70″):

9-րդ դիրքը գրաւեց Կարօ Յարութիւնեան (2 ժամ 11′ 91″):

Այլ դասակարգերու մրցումներուն, Յարութիւնեան իր դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. ԹԷ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն եւ այս մարզով հետաքրքրուած մեծ թիւով հանդիսատեսներու:

 

Share this Article
CATEGORIES