Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եռանդուն պիտի ըլլաք: Օրը ունի երջանկացնելու պահեր: Գիտցէք արժէքը այսպիսի առիթներուն: Մի՛ դժգոհիք ձեր կեանքէն, այլ գոհունակութիւն ունեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ծնողք էք, ձեր զաւակներուն հետ միեւնոյն ուրախութիւնը պիտի ապրիք: Ամուրիները կրնան ունենալ սիրային հանդիպումներ` հակառակ սեռին հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր զաւակները ինչ որ ուզեն, ուրկէ որ քալեն, պիտի հետեւիք անոնց ընթացքին ամենայն գոհունակութեամբ: Պարտադրանքէ հեռու էք միշտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ստանաք նամակներ եւ բացիկներ, որոնցմով պիտի ուրախանաք: Մարդկային փոխադարձ յարգանքը եւ սէրը առողջ կը պահեն ձեզ անկասկած:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքը միշտ ձեր մտքին մէջ է: Այս զգացումը ընդհանրապէս «առիւծ» կենդանակերպը ունեցողին կը վերաբերի: Աշխատանքը կեանքն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պարը հաճոյք է, պարելը` արուեստ: Երբ պարելու ժամանակ ունենաք, բնաւ մի՛ անտեսէք, ոչ ալ հեռացէք պարելէ: Ձեր ֆիզիքական բարեձեւութիւնը կը բարելաւէ եւ կը պահէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հետեւեցէք լաւ եւ յարմար սննդականոնի մը, որպէսզի վերագտնէք ձեր բնական եւ առողջ վիճակը: Հեռու մնացէք աղի-լեղի եւ շատ քաղցր ճաշերէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Խօսեցէք ձեր ծրագիրներուն մասին, զանոնք ապրեցուցէք եւ ոչ թէ գաղտնի պահեցէք: Մարդոց կարծիքը օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ծրագրին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբ արձակուրդէն վերադառնաք, աշխատանքի սկսիլը դժուար պիտի չըլլայ ձեզի համար: Ուրեմն մնացէք լաւատես եւ աշխատունակ: Ուրախացէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդելու, կամ մօտ թէ հեռու տեղ մը երթալու ձեր փափաքը պիտի կատարուի: Ձեր օրերը անցուցէք զուարթ, լաւատես տրամադրութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եռանդուն պիտի ըլլաք, պիտի պատրաստէք յանդուգն ծրագիրներ, որովհետեւ ունիք լեռները շարժելու զօրութիւն, ինքնավստահութիւն: Երանելի էք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի մօտիկ անձեր գիտեն ձեր բնաւորութիւնը եւ կը հասկնան ձեր միտքը, թէ ինչ բանէ կ՛ախորժիք, եւ ըստ այնմ պիտի կատարեն ձեր փափաքը:

