Արեւմտեան Երկիրներ Մտահոգ Են Իպոլա Ժահրի Նաեւ Արեւմուտքի Մէջ Տարածման Վտանգէն
Արեւմտեան երկիրները մտահոգ են, որ Իպոլա մահացու ժահրը, որուն օճախը Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ է, կրնայ տարածուիլ նաեւ մնացեալ ցամաքամասերուն մէջ:
«Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւններէն «Աշխարհի մարմինը» համաճարակի պատճառով արդէն դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը Կինէի, Լիպերիոյ եւ Սիերա Լիոնէի մէջ: Եւրոպական կազմակերպութիւնը չէ բացառած, որ մահացու վարակը կրնայ յայտնուիլ նաեւ Եւրոպայի տարածքին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ Պրիւքսէլի մէջ ընդգծած են, որ պատրաստ են անյապաղ արձագանգելու համաճարակի տարածման:
Իպոլայի տարածման սպառնալիքին պատճառով Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Հեմընտ հրաւիրած է արտակարգ նիստի, որուն ընթացքին յայտնած է, որ երկրին իշխանութիւնները տարբերակներ կը փնտռեն վտանգաւոր վարակին դիմակայման համար:
Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն, փետրուար ամիսէն ի վեր արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Իպոլայի զոհերուն թիւը հասած է 672-ի: Միայն Լիպերիոյ մէջ արձանագրուած է վարակումի 200 դէպք: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ առաջին դէպքը արձանագրուած է 1976-ին` Իպոլա գետի ափին, որուն անունով կոչուած է ժահրը: Օրին անոր զոհ դարձած է 300 մարդ:
Կը հաղորդուի, որ ժահրով վարակուած անձ մը Ափրիկէի մէջ ճամբորդութիւն կատարած է` փոխելով քանի մը օդանաւ: Այժմ աշխատանք կը կատարուի անոր հետ այդ օդանաւերուն մէջ գտնուած անձերը յայտնաբերելու: Ժահրէն վարակուած անձին վերջին թռիչքը եղած է դէպի Նիկերիոյ Լակոս քաղաքը, ուր արդէն վարակման պարագայ մը արձանագրուած է:
«Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը կ՛ահազանգէ, որ ժահրը վերահսկողութենէ դուրս եկած է:
Նշենք, որ ժահրը անբուժելի է եւ անկէ վարակուողը 48 ժամուան մէջ կը մահանայ: Անոր նախնական հանգրուանի ախտանշաններն են գլխու ցաւը, տաքութիւնը, յօդացաւը եւ ախորժակի կորուստը, իսկ հետագայ ախտանշանները` փսխուք, փորքշուք, ստամոքսի ցաւ, մորթի բորբոքում, ինչպէս նաեւ ներքին ու արտաքին, յաճախ աչքերէն, քիթէն կամ բերանէն արիւնահոսութիւն:

