Սիպերիոյ Մէջ Յաւելեալ Երկու Առեղծուածային Փոսեր Յայտնաբերուած Են
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Սիպերիոյ մէջ առեղծուածային փոս մը ուսումնասիրող հետազօտողներ յառաջիկայ շաբաթներուն շատ զբաղած պիտի ըլլան, որովհետեւ անոր նման երկու այլ փոսեր յայտնաբերուած են:
Անոնցմէ մէկը 15 մեթր շրջագիծ ունի եւ գտնուած է Եամալ թերակղզիին մէջ, ուր առաջին փոսը յայտնուած էր, իսկ երկրորդը յայտնաբերուած է անոնցմէ հարիւրաւոր քիլոմեթրներ դէպի արեւելք` Թայմիր թերակղզիին վրայ:
Նախապէս յայտնաբերուած փոսին խորութիւնը կը կարծուի 70 մեթր ըլլալ: Գիտնականներ անոր յատակը սառած լիճ մը գտած են եւ փոսէն հող եւ սառ առած են` քննելու համար անոնց բաղադրութիւնը:
Փորձագէտներ հաւանական կը նկատեն, որ փոսերը կազմուած են, երբ գետնին տակ գտնուող սառը հալած է, կազի վերածուած եւ դուրս գալու համար մակերեսը կտրած:
CATEGORIES Միջազգային

