Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատած Են

Պարաք Օպամա
«Էխօ Մոսքվի» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ եւս Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ սահմանափակիչ միջոցառումներ պիտի կիրարկուին Ռուսիոյ տնտեսութեան ամէնէն կարեւոր` ուժանիւթի, պաշտպանութեան եւ ելեւմտական մարզերուն դէմ:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութենէն հաղորդած էին, որ պատժամիջոցներու թիրախ դարձած են Միացեալ նաւաշինական ընկերութիւնը, «Վի.Թի.Պի.» դրամատունը, Ռուսական երկրագործական դրամատունը եւ Մոսկուայի դրամատունը:
Օպամա նշած է, որ ասիկա նոր Պաղ պատերազմ չէ, այլ ընդամէնը արդիւնքը այն բանին, որ Ռուսիան չ՛ուզեր ընդունիլ, որ Ուքրանիան կրնայ իր սեփական ճամբով երթալ:
Նախապէս Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարները համաձայնած էին Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու շուրջ:

