Ծերակոյտի Յանձնախումբը Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Թեկնածութիւնը Հաստատած Է

Ճոն Թեֆթ
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաստատած է Ճոն Թեֆթի` Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը չծրագրուած նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է Թեֆթի թեկնածութեան: Ասիկա թոյլ պիտի տայ մինչեւ 1 օգոստոս, երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը արձակուրդի կը մեկնի, վերջնականապէս հաստատել Թեֆթը այդ պաշտօնին վրայ:
Այն երեւոյթը, որ Թեֆթի թեկնածութեան սատարած են թէ՛ հանրապետականները, թէ՛ դեմոկրատականները, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին համար բացառութիւն կը նկատուի: Յաճախ այսպիսի պարագաներու վերջնական արդիւնքը քանի մը ամիս կը պահանջէ: Ըստ փորձագէտներու, ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն նոր բնոյթը ամերիկացիներուն ստիպած է այսպիսի միասնականութիւն դրսեւորել:
Օպամա Թեֆթի թեկնածութիւնը առաջարկած էր յուլիսի սկիզբը: Այս տարուան փետրուարէն ի վեր Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը թափուր էր:

