«Արցախի Բախտը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն Կախեալ Չէ» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մեզի համար ամէնէն արդիւնաւէտ աշխատող միջազգային կառոյցներէն մէկն է: Այս տարիներուն ընթացքին, որ մենք խուսափած ենք զինուորական գործողութիւններէն, այդ աշխատանքը նաեւ այդ խումբինն է: Բայց ասիկա բնաւ չի նշանակեր, որ մեր բախտը կախեալ է Մինսքի խմբակէն, եւ մենք ի վիճակի չենք ապահովելու մեր երկրին անվտանգութիւնը», յայտարարեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Բանակում-2014» հաւաքին հիւրընկալման ժամանակ:
«Կողմերը երախտապարտ պէտք է ըլլան միջազգային հանրութեան, ի դէմս Մինսքի խմբակին կատարած աշխատանքին համար: Այն, որ Ազրպէյճան յաճախ կը քննադատէ Մինսքի խմբակը` նշելով, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել ձեւաչափը, կեղծ է: Իրականութեան մէջ անոնք այդպէս չեն մտածեր, այլ կը փորձեն խորամանկութիւն ընել: Ազրպէյճանի յաջողութիւնը, բարեկեցութեան ներկայիս աստիճանը, բարգաւաճող տնտեսութիւնը անմիջականօրէն կապուած են այդ խմբակի աշխատանքներուն: Եւ ազրպէյճանցիները զուրկ են մարդկային գնահատականներ տալէ», աւելցուց Բակօ Սահակեան:
Նախագահը հաստատեց նաեւ, որ պիտի շարունակէ իր գործընկերներուն հետ ըլլալ այնպէս, ինչպէս որ այժմ կը գործակցի:
«Ես երախտապարտ եմ իմ գործընկերներուս նոյնիսկ այն բանին համար, որ մենք ունինք յարաբերական խաղաղութիւն: Ձեզի հետ այնպիսի երկրի մը մէջ ենք, որ անցած է պատերազմէ, եւ չենք ուզեր ատիկա կրկնուի: Մենք այսօր չենք ուզեր, որ զինուորական գործողութիւնները վերսկսին», նշեց Բակօ Սահակեան:

