Նոր Միջադէպ Սահմանագիծին Վրայ. Ազրպէյճանական Բազմաթիւ Կորուստներ, Երկու Զոհ` Հայկական Կողմէն
Հակառակորդը երէկ ձեռնարկեց յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքին ուղղութեամբ: Այս մասին տեղեկացուց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ սպասարկութիւնը:
«Դիրքապահ անձնակազմին կողմէ հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան, հակառակորդը կրելով բազմաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուեցաւ իր դիրքերը: Ցաւօք, գործողութեան պատճառով զոհուեցան պաշտպանութեան բանակի երկու զինուորներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

