Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը Պիտի Մասնակցի Ասիական Ակումբներու 2014-ի Ախոյեանութեան
Լիբանանի ախոյեան եւ գերբաժակակիր Պէյրութի դրամատունը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 25-30 օգոստոսին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք ասիական ֆութսալի ակումբներու 2014-ի ախոյեանութեան:
Պէյրութի դրամատունը առաջին անգամ ըլլալով է, որ պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը եւ բնականաբար ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու:
CATEGORIES Մարզական

