Պարսելոնայի Առաջարկը Մերժուեցաւ

07-31_marquinhosԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Կլոպօ Էսփորթէ» կայքը կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն մերժեց Պարսելոնայի մէկ առաջարկը, ըստ որուն վերջինս կ՛ուզէր ձեռք ձգել ֆրանսական խումբի պրազիլցի յետսապահ Մարքինիոսը:

20 տարեկան պրազիլցիին համար Պարսելոնա առաջարկած էր 43 միլիոն եւրօ:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Մարքինիոս Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29 մրցումներուն ընթացքին նշանակեց 5 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES