Ռոնալտինիոյի «Սերի-Ա.» Վերադարձը` Մօտալուտ
«Ֆութպոլ Իթալիա»-ի համաձայն, Նափոլիի նախագահը` Օրելիօ տէ Լաուրենթիս, պատրաստ է պրազիլցի ֆութպոլի անցեալի աստղ Ռոնալտինիոյին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը առաջարկել:
Ռոնալտինիօ այժմ ազատ մարզիկ է` նկատի ունենալով, որ այս շաբաթասկիզբին ան իր պայմանագրութիւնը խզեց իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մինէյրոյի հետ:
34 տարեկան Ռոնալտինիօ «Սերի-Ա.»-ի մէջ հանդէս եկած է անցեալին, երբ 2008-2010 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Ա. Սէ. Միլանի, 95 մրցումի ընթացքին նշանակած է 26 կոլ եւ կատարած 31 կոլի փոխանցում:
CATEGORIES Մարզական