Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Տնային աշխատանքներով զբաղելու օր է: Ունիք նոր դասաւորումներ, որոնք կը կարօտին դրամի, բայց կարեւոր հարցեր են, պէտք է կատարէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անտրամադիր էք որոշում մը տալու համար, բայց պիտի կարենաք իրագործել կարգ մը պարտաւորիչ աշխատանքներ` գումարի կարիք ունեցող:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր կարողութեան համաձայն գործեր ստանձնեցէք: Ամսուան ընթացքին պիտի ունենաք նաեւ այլ պարտականութիւններ, դասաւորեցէք աշխատանքները:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ահագին գործեր դիզուած են ձեր առջեւ, շուարած էք ո՛ր մէկէն սկսիլ, բայց ունիք ճարտարութիւնը դիւրութեամբ կատարելու ամէն ինչ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամէն օր մարդ նոյն տրամադրութիւնը չ՛ունենար: Այսօր պիտի կարենաք անկարելի կարծուած ծրագիր մը աւարտել ամենայն յաջողութեամբ եւ ուրախանալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տեղի մի տաք կամ մի տկարանաք արձակուրդի օրերուն յաւելեալ ծախսեր կատարելու ձեր պիւտճէին վրայ: Չափաւորութիւնը յարգեցէք, ինչ որ կարեւոր է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներու գործերուն միջամուխ մի ըլլաք, եթէ նոյնիսկ առաջարկեն ձեզի: Խուսափեցէք մանաւանդ դրամական հարցերէ, փոխ տալէ կամ առնելէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առողջական հարցեր ունիք, անտարբեր մի մնաք: Ծովը կրնայ մասամբ օգտակար ըլլալ, ուրեմն մի անտեսէք ծովուն բարիքը: Եղէք ձեր բժիշկը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երբեմն մոռացութեան կու տաք անհրաժեշտ հարցեր, որոնք կը վերաբերին ձեր նիւթականին: Այս կապակցութեամբ ուշադիր եղէք ձեր պիւտճէին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը օրին պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած աշխատանքի հարցերուն, առանց յետաձգելու նոյնիսկ մանրամասնութիւնները: Կարգապահ եղէք հաշիւի մէջ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքները դասաւորած էք, այս շաբաթավերջին կրնաք անհոգ երթալ պտոյտի ձեր ընկերներուն հետ: Օրը բարին կը խոստանայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թեթեւ անհանգստութիւն մը կրնայ արգիլել ձեզի բարեկամի մը կամ հարազատի մը այցելութիւնը տալու ձեր որոշումը գործադրել: Իմացուցէք ձեր բացակայութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )