50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1964)
Ամերիկահայ Առաջին Դպրոցի Կառուցումը
Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը
Եւ Իր Անմիջական Շրջապատը
100,000 Տոլար Տրամադրած Են
Լոս Անճելըս բնակող խումբ մը հաւատաւոր ծնողներ ձեռնարկած են գործի` ղեկավարութեամբ Հայ կրթական հիմնարկութեան, հիմնելու համար առաջին հայ դպրոցը Հիւսիսային Ամերիկայի ցամաքամասին վրայ:
Երեք էյքըր հող գնուած է եւ կազմուած են շինութեան յանձնախումբ մը եւ ուսումնական խորհուրդ մը:
Ապագայ վարժարանը, որ պիտի կոչուի Մեսրոպեան, պիտի ունենայ 12 դասարան, երկու յարկի վրայ` ուսուցչարան, տեսչարան եւ այլ ամէն յարմարութիւն: Դպրոցի կողքին պիտի կանգնուի հսկայ սրահ մը, որ պիտի կրնայ ընդունիլ աւելի քան 1000 հոգի: Ընդհանուր շինութեան ծախս նախատեսուած է 300 հազար տոլար:
Հայ կրթական հիմնարկութիւնը` իբրեւ կազմակերպութիւն, եւ հիմնարկութեան անդամներն ու շրջանակը յանձնառու եղած են վճարելու 100 հազար տոլար:
Շինութեան յանձնախումբը արդէն պաշտօնական կոչ մը ուղղած է ամերիկահայութեան:
Յառաջիկայ աշնան պիտի ձեռնարկուի ընդհ. հանգանակութեան: Յանձնախումբը յոյս ունի, որ պիտի կրնայ կարեւոր գումար մը ապահովել:
Ուսումնական մարմինը եւս շէնքի շինութեան զուգահեռ գործի պիտի լծուի, որպէսզի Մեսրոպեան դպրոցը շուտով դառնայ իրականութիւն:
Մեծ խանդավառութեամբ եւ լաւատեսութեամբ գործի լծուած են նախաձեռնողները:
10,000 Հայերու Ցոյցը
Ուրուկուէյի Մէջ`
Ի Նպաստ Հայկական Դատին
Եգիպտոսի «Ահրամ» օրաթերթը (26 յուլիս) կը յայտնէ, թէ 10 հազար հայեր Ուրուկուէյի մէջ ցոյց մը ըրած են` ի նպաստ Հայկական դատին, իբրեւ նախապատրաստական աշխատանք յառաջիկայ տարուան յիսնամեակին:
Թերթը իր կողմէ կը բացատրէ, թէ յառաջիկայ տարի ապրիլ 24-ին աշխարհի բոլոր հայերը պիտի ոգեկոչեն յիշատակը երկու միլիոն հայ նահատակներու, որոնք զոհերը եղան Օսմանեան իշխանութեան` Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին:
Կենսունակ Շարժում
Քանի մը ամիսէ ի վեր Հարաւային Ամերիկայի գլխաւոր կեդրոններուն մէջ կենսունակ շարժում մը սկսած է, ՀՅ դաշնակցութեան եւ առհասարակ ազատատենչ հայութեան աշխուժ ու գիտակից գործունէութեամբ:
Արժանթինի, Պրազիլիոյ եւ Ուրուկուէյի մէջ ապրիլ 24-ի տարեդարձը եւ մայիս 28-ի փառատօները առիթ տուած են համաժողովրդային խանդավառ ցոյցերու, եւ – ինչ որ հիմնականն է – Հայ դատի ի նպաստ լուրջ ու կազմակերպուած աշխատանքներու:
Ակներեւ է, որ Հարաւային Ամերիկայի հայ երիտասարդութիւնը խորապէս շահագրգռուած է մեր ազգային ու քաղաքական դատի հետապնդման գործով ու չի վարանիր տպաւորիչ ու ազդու քայլեր առնելու` տեղական լայն զանգուածներու եւ պետական շրջանակներու մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար` հանդէպ հայկական իրաւունքներու:
Ինչպէս յայտնի է, 1965-ը յիսնամեակն է անպատմելի այն ցեղասպանութեան, զոր հայուն դարաւոր ոսոխը գործի վերածեց` հայութիւնը բնաջնջելու եւ Հայ դատը գերեզմանելու համար: Արդ, Հարաւային Ամերիկայի հայ երիտասարդութեան արթնութիւնը պարզապէս նախերգանք մըն է, եւ, վստահօրէն, ազատ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը վարակիչ թափ ու համեմատութիւն պիտի ստանայ շարժումը:

