Անգլիական Տարօրինակ Փառատօներ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այսօր մենք պիտի ուղղուինք Անգլիա, ուր ամրան ընթացքին շատ իւրայատուկ փառատօներ տեղի կ՛ունենան ամբողջ երկրին տարածքին:
- Պանիր գլորելու փառատօնը
Անգլիացիները կատակի իւրայատուկ ոգի մը ունին: Անոնք շատ կը սիրեն տարօրինակ փառատօները եւ անիմաստ մարզաձեւեր: Ասոնց կարգին է… կլոր պանիրի մը ետեւէն վազել: Այս աւանդութիւնը սկսած է Անգլիոյ մէջ 200 տարի առաջ: Պանիրի կլոր կտոր մը կը գլորուի բլուրի մը գագաթէն, մասնակցողները կը փորձեն զայն բռնել: Պանիրը կը գլորի ժամական 110 քմ արագութեամբ, եւ մրցումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:
- Մսաջուրով թացանի մէջ գօտեմարտ
Այս մրցումը շատ լուրջ անձերու համար չէ: Անիկա ամէն տարի կը կազմակերպուի Լանքըշայր քաղաքին մէջ: Մասնակցողները տարօրինակ հագուստներ կը հագուին եւ իրարու հետ կը կռուին երկու վայրկեան մսաջուրով պատրաստուած թացանով լեցուն աւազանի մը մէջ: Այս մրցումին համար կը պատրաստուի 2000 լիթր թացան: Շատ հաճելի փառատօն մըն է… սակայն վստահաբար այս մրցումին ներկայ գտնուելէ ետք այլեւս թացան ուտել պիտի չուզէք:
- Օճառի տուփի մրցումը
Օճառի տուփի աւելի քան 40 մրցումներ տեղի կ՛ունենան աշխարհի շուրջ: Անգլիոյ մէջ Լոնտոն մայրաքաղաքին մէջ է, որ մրցումը տեղի կ՛ունենայ: Օրէնքները պարզ են. բոլոր «ինքնաշարժները» պէտք է ձեռքով շինուած ըլլան եւ բանին մարդուժով: Բարեբախտաբար ճամբան զառիվայր է:
- Ճահիճներու մէջ լողալու մրցում
Կրնա՞ս երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ցեխին մէջ լողալ… Ասիկա ճահիճներու մրցումն է: Առաջին ճահիճներու մրցումը տեղի ունեցած է 1985-ին, իսկ այժմ աւելի քան 200 անձեր կը մասնակցին ամէն տարի: Անոնք պէտք է լողան` երթ ու դարձ կատարելով 55 մեթրնոց ճահիճի մը մէջ, ամէնէն կարճ ժամանակին մէջ: Կարեւոր է լողալու զոյգ մը ափաձեւ լաւ կօշիկներ ունենալ:
- Ոտքի մատներու ուժի մրցում
Ոտքի մատներու ուժի մրցումը թեւերու ուժի մրցումին նման է: Խաղցողները կը նստին գետին եւ իրենց ոտքի մատները իրարու կ՛անցընեն: Իւրաքանչիւր խաղցող կը փորձէ մրցակիցին ոտքերուն մատները անշարժ պահել երեք երկվայրկեան: Ոտքի մատներու ախոյեանութիւնը սկսած է 1970-ական թուականներուն, Տերպիշայրի մէջ: Աւելի քան քառասուն տարիներ ետք նոր սերունդներ հպարտօրէն կը շարունակեն այս իւրայատուկ աւանդութիւնը:
Բարի Եկած Էք Անգլիոյ Թագուհիին Քով
Երբ մենք Անգլիա երթանք, պէտք է անպայման անցնինք մայրաքաղաք Լոնտոնէն: Լոնտոն Անգլիոյ թագաւորներուն եւ թագուհիներուն բնակավայրն է մօտաւորապէս 1000 տարիներէ ի վեր: Ներկայի Էլիզապէթ Բ. թագուհին կ՛ապրի Պաքինկհամ պալատը, որ կը հսկուի արքայական պահակագունդին կողմէ: Հոն բազմաթիւ ընդունելութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ամէն տարի 50,000 անձեր կը հրաւիրուին այս պալատը:
Փիքատելլի Սըրքըս: Լոնտոնի կեդրոնը գտնուող այս խաչմերուկը գիշեր ցերեկ մարդոցմով լեցուն է: Հոն կը գտնուին բազմաթիւ սրճարաններ, թատերասրահներ եւ շարժապատկերի սրահներ:
Հայտ Փարք: Ասիկա Լոնտոնի կեդրոնի ամէնէն մեծ հանրապարտէզն է: Անոր մէջ կը գտնուի լիճ մը` Սերփընթայնը: Հանրապարտէզին մէջ գոյութիւն ունի Սփիքըրզ քոռնըր` ճարտասաններու անկիւնը, ուր ամէն մարդ կրնայ ժողովուրդին առջեւ խօսիլ:
Ուէսթմինսթըր: Թէյմզ գետին մօտ այս պալատին մէջ կը գտնուի անգլիական խորհրդարանը: Պալատին ամէնէն հին բաժինը մնացած է 1097 թուականէն: Սակայն կառոյցին մեծ մասը շինուած է 19-րդ դարուն:

Պիկ Պեն: Պիկ Պեն ժամացոյցի աշտարակին տրուած անունն է, սակայն նաեւ` անոր մէջ գտնուող մեծ զանգին անունը (13,5 թոն): Ժամացոյցին աշտարակը մաս կը կազմէ Ուէսթմինսթըրի պալատին:

Լոնտոնի աշտարակը: Անգլիոյ թագաւորներուն գոհարեղէնները կը գտնուին այս ամրոցին մէջ: Անոր ամէնէն հին բաժինները շինուած են 11-րդ դարուն: Պատմութեան ընթացքին այս ամրոցը ծառայած է նաեւ իբրեւ պալատ եւ իբրեւ բանտ:

Սենթ Փոլ Քաթետրալը: Այս հսկայական տաճարը շինուած է մեծ հրդեհէ մը ետք, 1666 թուականին, որուն ընթացքին գրեթէ ամբողջ քաղաքը աւերուած է: Անիկա աշխարհի ամէնէն մեծ տաճարներէն մէկն է: Անոր գմբէթը 110 մեթրի կը հասնի:

Թաուըր Պրիճ: Այս մեծ եւ բացուող կամուրջը կը գտնուի Լոնտոնի աշտարակին մօտ: Անիկա շինուած է մօտաւորապէս 120 տարիներ առաջ եւ կը բացուի, որպէսզի մեծ նաւերը կարենան անցնիլ:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Աշխարհի առաջին ելեկտրական ինքնաշարժը շինուած է 1891 թուականին:
- Կ՛ըսեն, թէ հռոմէացի կայսր Կայոս Յուլիուս Վերուս Մաքսիմինուս 2,4 մեթր հասակ ունէր:
- ՔԱ 776-724 թուականներուն առաջին 13 ողիմպիական խաղերը ունէին միայն մէկ մրցում` կարճ վազք:
- ՔԱ 2000 թուականներուն Հարաւային Ամերիկայի բնակիչներ հագուստներ կը շինէին ծառի կոճղի կեղեւներով:
- 4000 տարիներ առաջ մարդիկ բազէներ կը մարզէին որսորդութեան համար:
- 1904 թուականին փայտէ ոտք ունեցող մարզիկ մը երեք ոսկի մետալ շահեցաւ մարմնակրթանքի (ճիմնասթիք) մարզաձեւին մէջ:
- 1958 թուականին հիւլէական ռումբը յղացող գիտնականներէն մէկը հնարեց նաեւ առաջին վիտէօ խաղը:
- 19-րդ դարու վերջաւորութեան Անգլիոյ Վիքթորիա թագուհին ունէր առնէտ բռնող պալատական պաշտօնեայ մը:
- 14-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը կայսերական Չինաստանի մէջ միայն կայսերական ընտանիքը իրաւունք ունէր դեղին գոյն հագուիլ:
- 1661-1715 Ֆրանսայի թագաւորին հետ Վերսայի պալատին մէջ կ՛ապրէին 22,000 անձեր եւ 6000 ձիեր:
- Աշխարհի ամէնէն կարճ պատերազմը, Անգլիոյ եւ Զանզիպարի միջեւ, տեւեց նուազ քան 45 վայրկեան:
- Ժամանակին մօտաւորապէս 15,000 լեզուներ կը խօսուէին աշխարհի վրայ: Այժմ գոյութիւն ունին միայն 7000 լեզուներ:
- Հին Յունաստանի մէջ (ՔԱ 700-ՔԵ 600) կարասիներուն մեծ մասը երեք ոտքեր ունէին:
- Հոլանտացիները պաշտօնապէս պատերազմի վիճակի մէջ էին Անգլիոյ պատկանող Սիլի կղզիներուն դէմ, 335 տարիներու ընթացքին, 1651-1986:
- 250,000 տարիներ առաջ Սահարայի մէջ գոյութիւն ունէր 109,000 քառակուսի քմ տարածքով նախապատմական լիճ մը:
Ժամանց

Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն շատ ծախուած երաժշտական գործիքը:
ա – թմբկահարութեան գործիքները, բ-հարմոնիքան, գ- ելեկտրական կիթառը:

Ո՞ր կղզին ճանչցուած է իբրեւ Ճեմ Այլընտ` Յարգի Քարերու կղզին, որովհետեւ հոն կը գտնուին աշխարհի ամէնէն յարգի քարերէն բազմաթիւ տեսակներ:
ա- Սրի Լանքա, բ- Մատակասքար, գ- Կիպրոս:

Ե՞րբ մէջտեղ եկած են առաձգական փուչիկները:

Առանց հաշուելու թագուհի մրջիւնները` մօտաւորապէս որքա՞ն կ՛ապրին մրջիւնները:
ա- 10 շաբաթ, բ- 10 օր, գ- 10 ամիս: