Ուրբաթօրեայ Պատարագներու Եւ Երիտասարդութիւնը Յուզող Հարցերու Շուրջ Հոգեւոր Զրոյցներու Սկիզբ
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով, մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ երեկոները, հերթական կարգով, թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ պիտի կատարուի հոգեւոր բովանդակութեամբ զրոյց` ներկայիս երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու շուրջ:
Առ այդ, առաջին պատարագը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 1 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագը մատուցեց եւ ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդին հետ կապ ունենալը մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն պատարագի քարոզին համար ինք ընտրած է հետեւեալ խօսքը` «Աստուած` ստեղծիչը մարդուն», եւ իր քարոզին ընդմէջէն շեշտը դնելով յիշեալ խօսքին վրայ, լուսաբանական բացատրութիւններ տուաւ` մերթ ընդ մերթ Աստուածաշունչէն մէջբերելով խօսքեր եւ համարներ:
Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան հաստատեց, որ մարդը պատահական ձեւով եւ արկածով մը չստեղծուեցաւ, այլ Աստուած ստեղծեց զայն իր պատկերով եւ իր նմանութեամբ: «Աստուած ձեւաւորողն է մարդուն, Աստուած կամեցողն է մարդուն աշխարհ գալուն, Աստուած ստեղծիչն է մարդուն», շեշտեց ան` հաստատելով, որ մարդու ծնունդը, կեանքը, ապրելաոճը կոչուած են ծրագրուած ըլլալու Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ան նաեւ յայտնեց, որ պէտք է Աստուծմով վերածնիլ` բացատրելով, որ ասոր առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ մկրտութիւնը, ապա` ապաշխարհութիւնը:
Պատարագի աւարտին խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին չի պատկանիր միայն դպրեվանքի սաներուն եւ եկեղեցականներուն, այլ նաեւ անիկա մեր հայրերէն մեզի փոխանցուած աւանդն է եւ կը պատկանի մեր ժողովուրդին: «Եկեղեցին արդիւնքն է մեր ժողովուրդի դարաւոր հաւատքին եւ կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդի նուիրաբերումով ու մեր ժողովուրդի հաւատքի մասնակցութեամբ», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ այսպէսով մեր եկեղեցին կանգուն մնացած է դարեր շարունակ եւ ի վերջոյ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործը պիտի փոխանցուի նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնց ներդրումով եկեղեցւոյ գնացքը պիտի ապահովուի, շարականը պիտի հնչէ, եւ այս բոլորը կարելի է, եթէ անոնք մասնակից ըլլան եկեղեցւոյ կեանքին: Ան մաղթեց, որ դպրեվանքը մեր ժողովուրդի սպասաւորութեան իր առաքելութեան մէջ յարատեւ վերելք արձանագրէ:

