Անդրադարձ. Իրանն Ու Ռուսիոյ Գրպանը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Աշխարհաքաղաքական զարգացումները կը թուին Ռուսիան մղած ըլլալ ուժանիւթի տարանցման երկիր նկատուող եւ ուժանիւթի պաշարներով հարուստ Ազրպէյճանը սիրաշահելու: Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուած սպառազինութեան դէպքերուն, 29 մայիսին Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի կողմէ, Փութինի լռելեայն արտօնութեամբ, Ալիեւի նամակի ընթերցման դէպքին եւ նշեալ միութեան Հայաստանի անդամակցութեան ձգձգումին վրայ եկաւ աւելնալու Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի Ազրպէյճանի հասցէին կատարուած լորձնաշուրթն գովասանքը: Ան հազիւ քանի մը ամիս առաջ բուռն կերպով կը քննադատէր Ազրպէյճանը եւ իրաւամբ կը յայտարարէր, որ ազրպէյճանցի ազգ գոյութիւն չունի, իսկ այժմ կը հերքէ, թէ այդպիսի յայտարարութիւն մը կատարած է: Կեցուածք մը, որ Քրեմլինի մէջ տիրող ներկայ մթնոլորտին մասին յաւելեալ վկայութիւն մը կու տայ: Ուստի զարմանալի չէ, որ ռուս յայտնի զինուորական փորձագէտ Փաւել Ֆելկենկաուեր «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին կը յայտնէ. «Ազրպէյճանը Ռուսիոյ համար ռազմավարական առումով աւելի կարեւոր երկիր է, քան Հայաստանը»:
Յստակ է, որ Ռուսիոյ քաղաքական վերնախաւին մօտ Ազրպէյճանի նկատմամբ տրամադրութիւնները փոխուած են, եւ Հայաստան-Ազրպէյճան երկընտրանքին մէջ կշիռը թեքած է ի նպաստ վերջինիս: Իրողութիւն մը, որուն կը գիտակցի Պաքուն. իրողութիւն մը, որ վերջին շրջանին արձանագրուող ազրպէյճանական ոտնձգութեանց ճամբով իր արձագանգը կը գտնէ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ:
Նախքան այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան արժանթինեան «Լա Նասիոն» պարբերականին հետ հարցազրոյցի մը ճամբով տողատակի ու մեղմ պատգամ մը յղած էր ռուսական իշխանութիւններուն` նշելով. «Մեր ժողովուրդը շատ մտահոգ է, որ մեր ռազմավարական գործընկերը զէնք կը վաճառէ Ազրպէյճանին: (…) Հակառակ ատոր(…) ես չեմ կասկածիր, որ մեզի համար դժուար իրավիճակի պարագային Ռուսիան պիտի կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները»: Ժիրինովսքիի յայտարարութիւնը կու գայ ցոյց տալու, որ նախագահ Սարգսեանի պատգամը անտեսուած է. ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ 3 սեպտեմբեր 2013-ին փոխան Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին Եւրասիական Միութեան միանալու նախագահ Սարգսեանի մոսկովեան յայտարարութենէն ետք քրեմլինեան շրջանակներուն մօտ առաւել եւս ամրագրուած է այն անյարգալից ու ամբարտաւան համոզումը, թէ Հայաստանը իրենց «գրպանին մէջ է»: Այժմ անհրաժեշտ է ցոյց տալ, որ այդ գրպանը ծակ է: Կարելի չէ իրադարձութեանց զարգացման այս մտահոգիչ ուղղութեան դիմաց ձեռնածալ մնալ: Ռուսիան պիտի չփրկէ Հայաստանը այն դժուար կացութենէն, որուն հեղինակը ինքը` Ռուսիան է:
Հայաստանի համար ներկայ կացութենէն միակ ելքը Իրանն է, որուն իշխանութիւնները միշտ ալ Հայաստանի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ եւ միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած են: Այժմ կը հաղորդուի, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մտադիր է Հայաստան այցելելու: Ահաւասիկ ոսկի առիթ մը Հայաստան-Ազրպէյճան հաւասարակշռութեան մէջ ռուսական կողմին յառաջացուցած խախտումը Իրանի հետ երկկողմանի յարաբերութեան ամրապնդումով սրբագրելու: Այո՛, Իրանը Ռուսիոյ կշիռը չունի, բայց եւ այնպէս նկատառելի ուժ մըն է, իսկ մենք անոր այլընտրանքը չունինք:

