Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Գերմանիա Հանդիսացաւ Ախոյեան
Նախանցեալ օր Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Գերմանիոյ եւ Փորթուգալի միջեւ:
Ամիս մը առաջ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Գերմանիա այլ նուաճում մըն ալ արձանագրեց, երբ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` 1-0 արդիւնքով յաղթելով Փորթուգալին:
Մրցումին եւ Գերմանիոյ միակ կոլը նշանակեց Հերթա Պերլինի միջնապահ Հանի Մուխթար (39-րդ):
Ա. հանգրուանի` խմբակի դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն, Գերմանիա յաղթեց Պուլկարիոյ (3-0) ու Ուքրանիոյ (2-0) եւ հաւասարեցաւ Սերպիոյ հետ (2-2):
Գրաւելով խմբակին առաջին դիրքը, Գերմանիա կիսաւարտականին յաղթեց Աւստրիոյ (4-0), որմէ ետք տիրացաւ տիտղոսին:
CATEGORIES Մարզական

