Լիբանանեան Ֆութպոլ. Թաքթուք Միացաւ Նըժմէի, Իսկ Տաքըրմանժի Եւ Աուայտաթ` Սալամ Զղարթայի

Ահմետ Թաքթուք
Նըժմէի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ լիբանանցի միջազգային բերդապահ Ահմետ Թաքթուք (29 տարեկան) պաշտօնապէս ստորագրեց Նըժմէի տոմարներուն վրայ` լքելով իր ակումբը` Ախա Ահլի Ալէյը:
Այս փոխանցումին ի տես, Նըժմէ համաձայն գտնուեցաւ, որ իր բերդապահը` Մոհամետ Տաքըրմանժի, ստորագրէ Սալամ Զղարթայի տոմարներուն վրայ:
Հիւսիսի խումբը իր շարքերուն միացուց Սաֆայի միջնապահ Օմար Աուայտաթը (25 տարեկան):
Կը կարծուի, որ ամառնային այս արձակուրդին ընթացքին մարզիկներու փոխանցումները պիտի ըլլան բաւական աշխուժ լիբանանեան խումբերուն մօտ:

Օմար Աուայտաթ
CATEGORIES Մարզական

