Գանձասար Կրնայ Հեռանալ Կապանէն
Գանձասար Կապան ֆութպոլի ակումբը յառաջիկային կրնայ զրկուիլ իր սեփական դաշտին վրայ մրցումներ կատարելու իրաւունքէն:
Ակումբի գործադիր տնօրէն Վլատիկ Առաքելեան ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Գանձասար Կապանի մարզադաշտին մէջ կան շարք մը խնդիրներ, որոնք պէտք է շտկուին:
«Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, ներկայացուցած է պահանջներ, որոնք կը վերաբերին մարզադաշտին: Պէտք է ունենանք լուսատախտակ, վերանորոգուած հանդերձարաններ, պէտք է փոխուին դարպասները, բարելաւուի խոտածածկին որակը եւ այլն: Մարզադաշտը պէտք է համապատասխանէ շարք մը չափանիշներու, սակայն այս պահուն Գանձասար չի կրնար նմանօրինակ ներդրումներ կատարել, որովհետեւ մենք մարզադաշտը կը վարձենք. անիկա մեր սեփականութիւնը չէ, որ կարենանք գործեր կատարել հոն», ըսած է Առաքելեան:
«Մեզի ըսուեցաւ, որ ձեր դիմաց երկու ամիս ունիք` սրբագրելու համար իրավիճակը: Եթէ ընդհանուր յայտարարի չգանք, ապա կը կարծեմ, որ մեր դաշտին վրայ կատարուելիք մրցումները Երեւանի մէջ պիտի կատարենք», եզրափակեց Առաքելեան:
ArmSport.am իր այս լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Գանձասար Կապանի մարզադաշտին սեփականատէրը Գառնիկ Օհանջանեանն է, որ ակումբին նախկին նախագահն է:

