Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. 15 Տարեկանէն Վար. Լիբանան 81-52 Արդիւնքով Յաղթեց Սուրիոյ

Լիբանանի մարզիկները կը ստանան անհրաժեշտ ցուցմունքները
Երէկ` ուրբաթ, 1 օգոստոսին, Թեհրանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի 15 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Լիբանանի ազգային խումբը, որ ճակատեցաւ Սուրիոյ դէմ, տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը` արձանագրելով 81-52 արդիւնքով յաղթանակ մը (19-11, 43-26, 60-34 եւ 81-52):
Լիբանան այսօր իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Իրաքի դէմ, կէսօրուան ժամը 12:30-ին:
Նշենք, որ Լիբանանի մարզիչն է Սելիմ Շիմալի:
CATEGORIES Մարզական

