Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ծխելու Դէմ Արգելքներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ծխելու դէմ արգելքները 10 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցուցած են շնչարգելութեան եւ կանխահաս ծնունդներու համեմատութիւնները:
Նախարարութիւններ կը փորձեն ծխելը հակաօրինական հռչակել մանուկներ փոխադրող ինքնաշարժներու մէջ:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ ԾԽԵԼԸ ԱՐԳԻԼԵԼԸ ԴՐԱԿԱՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»` ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ:
«Լանսեթ» բժշկագիտական թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հանրային վայրերը ծխախոտէ զերծ վայրեր հռչակելէ մէկ տարի ետք 10 առ հարիւրով նուազած են կանխահաս ծնունդներու եւ մանուկներու շնչարգելութեան համեմատութիւնները:
Ուսումնասիրողներ վերլուծած են Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի տարածքին նախապէս կատարուած 11 ուսումնասիրութիւններ եւ եզրակացուցած են, թէ ծխելու դէմ արգելքները դրական ներգործութիւն ունեցած են մանուկներու եւ չափահասներու վրայ:
Ասիկա առաջին լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններէն մէկն է, որ քննած է տարբեր երկիրներու մէջ որդեգրուած ծխելու դէմ օրէնքներու ներգործութիւնը` մանուկներու առողջութեան վրայ:
Արդէն փաստուած է, թէ հանրային վայրերու մէջ, ինչպէս` գինետուն, ճաշարան, աշխատավայր, ծխելը արգիլող օրէնքներ չափահասները կը պաշտպանեն կրաւորական ծխելու վտանգներուն դէմ:
Իսկ նորագոյն ուսումնասիրութիւնը, որ կատարուած է Էտինպարայի, Մաասթրիխթի, Հասըլթի եւ Հարվըրտի համալսարաններուն, ինչպէս նաեւ Պրիկըմ էնտ Վումըն՛զ հիւանդանոցին կողմէ, քննած է աւելի քան 2.5 միլիոն ծնունդներ եւ շուրջ 250 հազար մանուկներ, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են շնչարգելութեան պատճառով:
Հոլանտայի մէջ Մաասթրիխթի համալսարանին բժշկագիտական բաժանմունքին ուսումնասիրութիւնը գլխաւորած բժիշկը` Եասփըր Պին կ՛ըսէ, թէ 12 տարեկանէն վար մանուկներու վրայ կատարուած քննութիւնները հետաքրքրական փոփոխութիւններ ցոյց տուած են:
«Մեր ուսումնասիրութիւնը յստակ կերպով կ՛ապացուցէ, թէ ծխելու դէմ արգելքը նպաստաւոր է հանրային առողջապահութեան համար, մանաւանդ` նորածիններու եւ մանուկներու առողջութեան, հետեւաբար ամուր հիմնաւորումներ կ՛ընձեռէ Աշխարհի առողջապահութեան կազմակերպութեան յանձնարարականներուն` ազգային մակարդակի վրայ ստեղծելու ծխախոտէ զերծ հանրային միջավայրեր»:
Ուսումնասիրութիւնը նաեւ ի յայտ բերած է, թէ ծխախոտէ զերծ օրէնքներու որդեգրումէն ետք 5 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազած է թիւը մանրակազմ ծնունդներուն:
Պոսթընի մէջ Պրիկըմ էնտ Վումըն՛զ հիւանդանոցին եւ Մաասթրիխթի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը տեղեկագրած հեղինակներէն` Ազիզ Շէյխի համաձայն, նման օրէնքներ կարելիութիւնը կը ստեղծեն բարելաւելու շատ աւելի մեծ թիւով մանուկներու առողջութիւնը:
«Բազմաթիւ երկիրներ, որոնք տակաւին չեն հռչակած ծխախոտէ զերծ վայրեր, նման յայտնաբերումներու լոյսին տակ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն իրենց դիրքը` առողջապահական քաղաքականութեան այս լուրջ հարցին նկատմամբ», կ՛ըսէ ան:
Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու համաձայն, աշխարհի տարածքին մանուկներուն 40 առ հարիւրը յաճախ ենթակայ է կրաւորական ծխելու վիճակին, որ պատճառ կը դառնայ շնչառական հիւանդութիւններու եւ շնչարգելութեան:
Վերջերս Եւրոպայի տարածքին կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ կրաւորական ծխելը պատճառ կը դառնայ, որ մանուկներուն երակները խցուին, ինչ որ կրնայ ապագային առաջնորդել սրտի եւ այլ կաթուածներու:
Մասնագէտներու համաձայն, մասնաւորաբար մանուկները խոցելի են, որովհետեւ անոնց թոքերը եւ մարմնին դիմադրողական համակարգերը տակաւին չեն կազմաւորուած:
Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան միայն 16 առ հարիւրը ենթակայ է ծխախոտէ զերծ օրէնքներու:
Սկովտիա հանրային փակ վայրերու մէջ ծխելու դէմ արգելքը վաւերացուց 2006-ին, իսկ Անգլիա` 2007-ին:
Ուսումնասիրութեան մասին իր կարծիքը յայտնելով` Ռոյըլ քոլեճ աֆ օպսթեթրիշընզ էնտ կայնիքոլոճիսթց դպրոցի դասախօս Ռոնի Լամոն զայն կը նկատէ յաւելեալ ապացոյց մը այն իրողութեան, թէ ծխելու դէմ արգելքները մեծապէս կը նպաստեն չափահասներուն եւ մանուկներուն առողջութեան:
«Փաստուած է, թէ յղութեան ժամանակ ծխելը ժխտական ներգործութիւն կ՛ունենայ սաղմին կազմաւորումին վրայ: Յղի կիներ պէտք է տեղեակ պահուին վտանգներուն մասին, խորհուրդներ եւ օգնութիւն ստանան, որպէսզի հրաժարին ծխախոտի գործածութենէն», կ՛ըսէ ան:
«Կարեւոր է, որ հանրային առողջապահութեան մասնագէտներ համոզեն կիները, որպէսզի ապրին առողջ կենցաղ»:
Ռոյըլ քոլեճ աֆ օպսթեթրիշընզ էնտ կայնիքոլոճիսթցի մէկ յայտարարութիւնը կ՛ըսէ, թէ հիմնարկը կը զօրակցի ծխախոտէ զերծ միջավայրեր ստեղծելու յաւելեալ ցուցմունքներու:
Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարարութեան մէկ բանբերին համաձայն, նախարարութիւնը կը ձգտի խստացնել ծխելու դէմ արգելքը` ապօրինի հռչակելով չափահասներու կողմէ մանուկներու համար ծխախոտ գնելը եւ մանուկներ փոխադրող ինքնաշարժներու մէջ ծխելը:
«Նաեւ վերջ պիտի դնենք հանրային վայրերու մէջ մեքենաներու ճամբով ծխախոտի վաճառքին, պիտի աւելցնենք ծխախոտի տուրքերը եւ պիտի արգիլենք ծխախոտի եւ ծխելու պատկերումները», կ՛ըսէ նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Սակայն ծխողներու «Ֆորեսթ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սայմըն Քլարք կ՛ըսէ, թէ մանուկներ արդէն կրաւորական ձեւով կը ծխեն տան մէջ, «հետեւաբար աշխատավայրին մէջ ծխելու դէմ արգելքները գրեթէ ոչ մէկ անդրադարձ կ՛ունենայ մանուկներուն վրայ»:
«Եթէ ուսումնասիրութեան հրապարակած տեղեկագիրը ըսել կ՛ուզէ, թէ մեր միջավայրին մէջ ծխախոտին ծուխը գլխաւոր միակ պատճառն է մանուկներու շնչարգելութեան, ապա այս մէկը շատ ծիծաղելի է», կ՛ըսէ Քլարք:
«Բրիտանիոյ մէջ շնչարգելութենէ տառապող անձերուն թիւը եռապատկուած է վերջին 40 տարիներուն: Այս ժամանակամիջոցին կէսի իջած է ծխողներուն թիւը, եւ այսօր համեմատաբար նուազ թիւով մանուկներ ծխախոտի ծուխը կը շնչեն տան կամ ինքնաշարժի նման փակ վայրերու մէջ»:
Քլարք «մեծ չափազանցութիւն» կ՛որակէ յաւելեալ երկիրներու ուղղուած «ծխախոտէ զերծ» համապարփակ օրէնքներ որդեգրելու կոչը:

