Տեսա՞ր Հալէպը…
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Երէկ, երբ կ՛անցնէի երեք տարի առաջ Հայաստանէն Հալէպի եւ Պէյրութի ճամբով երկու օրուան համար Նիս իջած պանդոկիս առջեւէն, տեսայ երեք պաշտօնեաներ, որ մուտքի դրան առջեւ կը զրուցէին:
Անոնցմէ մէկը անմիջապէս ճանչցայ եւ զարմացայ, որ ինքն ալ զիս ճանչցաւ, եւ ժպիտով, արաբերէնով բարեւեց զիս, եւ իր առաջին խօսքը եղաւ.
– Տեսա՞ր` ի՛նչ ըրին մեր Սուրիան, տեսա՞ր` ի՛նչ ըրին մեր Հալէպը, մեր այդ Հալէպը ամբողջութեամբ քանդեցին…
Ինչ պատասխանելս չգիտցայ, երեք տարի առաջ, երբ նոր վերադարձած էի Հայաստանէն, ուր առիթով մը շատ սիրելի հարազատի մը հետ կը խօսէինք «Արաբական գարուն»-ի իրերայաջորդ դէպքերուն մասին, կը զարմանայի, որ ինքն ալ համաձայն էր եղածներուն, կ՛ուզէր, որ Սուրիոյ մէջ ալ ըմբոստութիւն պատահէր եւ յաջողէր, որովհետեւ, կ՛ըսէր, անընդունելի է, որ ընտանիք մը քառասուն տարի իշխէ երկրի մը վրայ:
Պանդոկի այս պաշտօնեան ալ մեծ խանդավառութեամբ կը յուսար, որ Սուրիոյ մէջ ալ պիտի բռնկէր ըմբոստութիւնը եւ պիտի յաջողէր տապալել վարչակարգը:
Սուրիացի խօսակիցս անցագիրիս վրայ տեսած էր Սուրիա ծնած ըլլալս, ծանօթացած էինք, ըսած էր, թէ ինք Մաարայէն էր, եւ երբ Մաարա կ՛ըսես, գիտես այդ քաղաքին բնակիչներուն մշակութային եւ կրօնական աւանդութիւնները, քաղաքին նկարագիրը, համով անուշեղէնին եւ թէյին հոտը քթիդ կը զարնէ, երբ ճանապարհին կ՛իջնես քիչ մը հանգստանալու, զովանալու, բան մը ուտել խմելու` միւս ճամբորդներուն հետ…
Երեք տարի առաջ այս սուրիացի պաշտօնեային աւելորդ նկատեցի պնդել, որ եթէ ըմբոստութիւն պատահէր, Սուրիոյ վիճակը հիմակուընէ աւելի լաւ պիտի չըլլար:
Այս երիտասարդն ալ շատերուն պէս չէր մոռցած, թէ ինչպէ՛ս այժմու նախագահին հայրը` Հաֆեզ Ասատը, բիրտ ուժով ճզմած էր Համայի մէջ ծայր առած ըմբոստութիւնը:
Ի դէպ, Մաարան տուած է մեծ աստուածաբան, բանաստեղծ, կոյր փիլիսոփայ Ապու Ալա Ալ Մաարին, որուն մասին օրին պոէմ մը գրեր էր մեր մեծ բանաստեղծը` Աւետիք Իսահակեանը` հեղինակը` «Սիրեցի եարս տարան…» քերթուածին, շատ սիրուած, ռոմանթիք, յուզիչ երգին:
Պանդոկի պաշտօնեան մէկ վայրկեան հազիւ տեւած մեր խօսակցութիւնը աւարտեց` ըսելով.
– Տեսա՞ր` ինչ ըրին մեր Հալէպը, տեսա՞ր` ի՛նչ ըրին մեր Սուրիան, առաջ ի՜նչ լաւ էր, հանգիստ մը կ՛ապրէինք…
Շատ կ՛աճապարէի, իրեն ըսի, որ օր մը կու գամ եւ այս մասին աւելի կը խօսինք:
Այո՛, խօսինք, բայց ի՛նչ խօսինք…
Պիտի խօսի՛նք…
Նիս, 24 յուլիս 2014