Աւստրալիան Պէտք Է Պաշտօնանկ Ընէ Արտաքին Գործոց Նախարարը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտելուն Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ թրքական «Սապահ» թերթը հրապարակած էր հետեւեալ մտահոգիչ լուրը. «Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար. Հայկական հարցը ցեղասպանութիւն չէ»:

«Սապահ»-ը նկարագրած էր այն դէպքերը, որոնք յանգեցուցած էին թերթի նողկալի խորագիրին: Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարի խորհուրդի անդամ եւ նախկին նախագահ Կիւնայ Էւինչը վերջերս այցելած էր Աւստրալիա` տեղւոյն թրքական խումբերուն տեղեկացնելու Մովսէսեանի դատական գործին մասին: Ան պատմած էր, որ` «Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանը ուժի մէջ դրած է 9-րդ շրջանային վերաքննիչ դատարանի` Քալիֆորնիոյ օրէնքը անվաւեր ճանչնալու մասին որոշումը, որ Հայկական հարցը բնորոշած էր իբրեւ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային քաղաքականութիւնը Հայկական հարցը չի բնորոշեր իբրեւ ցեղասպանութիւն»:

«Սապահ»-ը նաեւ հաղորդած էր, որ Էւինչի այցելութիւնը «մաս կազմած է անգլո-թրքական սփիւռքի համագործակցութեան աւելի լայն ծրագիրի, որով Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Ճըրզիի թուրքերը կը փոխանակեն իրենց լաւագոյն փորձը` հիմնուած ընդհանուր իրաւագիտական եւ քաղաքական ժառանգութեան վրայ»:

Աւստրալիոյ թրքական զօրակցութեան միութեան ղեկավար Էրթունչ Օզենը, հետեւելով Էւինչի խորհուրդին, մայիս 5-ին նամակ յղած էր Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշոփին` «մտահոգութիւն յայտնելով բանաձեւերուն առնչութեամբ, որոնք ընդունուած էին Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանին կողմէ 2013 թուականի մայիսին` Թուրքիոյ վերաբերեալ եւ տարբեր համայնքներու ճակատագիրի Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին Ա. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ յետոյ»:

Արտաքին գործոց նախարար Պիշոփը յունիս 4-ին գրած էր Օզենին. «Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կ’ընդունի, որ Օսմանեան կայսրութեան գոյութեան վերջին տարիներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները աղէտալի հետեւանքներ ունեցած են հետագայ սերունդներուն եւ անոնց ինքնութեան, ժառանգութեան ու մշակոյթին վրայ»:

Զարմանալիօրէն ան աւելցուցած էր. «Սակայն այդ դէպքերը մենք չենք ճանչնար իբրեւ «ցեղասպանութիւն»: Աւստրալիոյ նահանգները եւ տարածքները սահմանադրական դերակատարութիւն չունին Աւստրալիոյ արտաքին քաղաքականութեան մշակման գործին մէջ: Յարգելով սոյն հարցին վերաբերեալ անհատներու եւ խումբերու անդրդուելի հայեացքներ ունենալու իրաւունքը, Աւստրալիոյ կառավարութիւնը շատոնց յստակ մօտեցում որդեգրած է` չմասնակցիլ այս զգայուն բանավէճին»:

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը սխալի երեք հարցով. նախ, ան սխալած է` նշելով, որ Աւստրալիան չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հակառակ անոր որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կը գերադասէ չօգտագործել ցեղասպանութիւն եզրը, որպէսզի չթշնամացնէ Թուրքիան, սակայն ոչ մէկ պաշտօնեայ երբեւէ յայտարարած է, որ անիկա ցեղասպանութիւն չէ. երկրորդ` ան սխալ գրած է, որ Աւստրալիոյ նահանգները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ձեւաւորած են արտաքին քաղաքականութիւն: Այս նահանգները պարզապէս ճանչցած են պատմական իրողութիւն մը. եւ երրորդ,  ան կը հակասէ ինքն իրեն` նշելով, որ Աւստրալիոյ կառավարութիւնը չի մասնակցիր այս «զգայուն բանավէճին», սակայն ինքն իրեն թոյլ տուած է միջամտելու` նշելով, որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ…

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան անմիջապէս խիստ ձեւակերպումով նամակ մը յղած է արտաքին գործոց նախարարին` անոր «սխալ յայտարարութիւնը» անուանելով «խորապէս վիրաւորական եւ ցաւալի Աւստրալիոյ հայ համայնքին համար»: Ան նաեւ Պիշոփի դիրքորոշումը բնութագրած է իբրեւ «անհանդուրժելի», «աններելի», «խիստ վիրաւորական» եւ «վնասակար բոլոր աւստրալիացիներուն»: Գահրամանեան արդարացիօրէն զարմացած է, թէ` «ինչպէ՞ս կրնայ Աւստրալիոյ բարոյագիտակցութիւնը դառնալ այսքան փճացած»:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին գործադիր տնօրէնը յիշեցուցած է արտաքին գործոց նախարարին, որ անոր յայտարարութիւնը խիստ կերպով կը հակասէ «ներկայ կառավարութեան բազմաթիւ բարձրաստիճան նախարարներու արտայայտած դիրքորոշումներուն: Վերջերս, 2014 թուականի ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ընթացքին Աւստրալիոյ գանձապետ Ճօ Հոգին հանդէս եկած է  պաշտօնական յայտարարութեամբ` ապրիլ 24-ը նշելով իբրեւ օր, «երբ կը հաւաքուինք յիշելու Ցեղասպանութեան ժամանակ զոհուած 1.5 միլիոն մարդիկը»: Նախարարներ Թեռնպուլը, Մորիսոնը, Աշխատաւորական, Կանաչներու, փոքր եւ անկախ կուսակցութիւններու այլ բարձրաստիճան անդամներու հետ միասին կոչ ըրած են Աւստրալիոյ խորհրդարանին` պաշտօնապէս ճանչնալու 1915 թուականի իրադարձութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն: Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Էպոթ ընդդիմութեան առաջնորդ եղած ժամանակ հանդէս եկած է ամէնամեայ յայտարարութեամբ` վկայակոչելով Հայոց ցեղասպանութիւնը առանց որեւէ որակաւորման կամ մեղմասացութեան»:

Գահրամանեան նաեւ ըսած է արտաքին գործոց նախարարին. «Ժխտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը` դուք կը ժխտէք նաեւ Աւստրալիոյ սեփական պատմութիւնը: Աւստրալիոյ ազգային արխիւին մէջ կը պահուին ANZAC-ի (Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի բանակային բաժանմունքի) ռազմագերիներու անթիւ ու անհամար վկայութիւններ, որոնք գերեվարուած էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ… Այս անհերքելի վկայութիւնները վառ յիշողութիւններ են հայ ժողովուրդի տառապանքներու եւ ոչնչացման մասին»:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Կրեկ Սողոմոնեանը կոչ ուղղած է արտաքին գործոց նախարարին` «անյապաղ չեղեալ համարել դատողութեան այս լուրջ սխալը» եւ հանդիպում խնդրած է անոր հետ:

Ես կ՛առաջարկեմ, որ աւստրալահայերը պարզեն վարչապետ Թոնի Էպոթէն` արդեօք արտաքին գործոց նախարարը անոր հետ նախապէս համաձայնեցուցա՞ծ է այդ խիստ վիրաւորական նամակը: Եթէ ոչ, ուրեմն Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է պահանջէ արտաքին գործոց նախարարի անյապաղ պաշտօնանկութիւնը: Հայ դատի յանձնախումբը պէտք է խնդրէ Աւստրալիոյ բոլոր երեք նահանգներու խորհրդարաններէն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ընդունիլ նոր բանաձեւ` դատապարտելով արտաքին գործոց նախարար Պիշոփի ժխտողական դիրքորոշումը եւ կոչ ընել վարչապետին հեռացնել զինք պաշտօնէն…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES