Կազայի Դէմ Յարձակումը 28-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի
Երէկ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը 28-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1830-ի, իսկ վիրաւորներունը` 9370-ի:
Պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երեք իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են, երբ Քասսամի փաղանգներն ու Սարայա Քուտս խմբաւորումը ռմբակոծած են Աշքոլը:
Պաղեստինեան դիմադրութեան խմբաւորումները ռմբակոծեցին Շահեր Հանիկվ, Նահալ Աուզ, Ղոշ Տան, Ստոթ Նեկեւ, Ալոմիմ Նիրիմ, Այն Հաշլոշա եւ Պիր Սապահ բնակեցման վայրերը:
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ իր սպաներէն Հետար Կոլտըն, որ Ռաֆահի մէջ բախումներէ ետք ուրբաթ օրուընէ ի վեր ճակատագիրը անյայտ կը նկատուէր, սպաննուած է:
Նախքան այդ, նշեալ սպային ընտանիքը իսրայէլեան կառավարութիւնն ու բանակը ամբաստանած էր ճակատամարտէն ետք իր զաւակը պաղեստինցիներուն լքելու համար: Ընտանիքը բանակէն պահանջած էր չհեռանալ Կազայէն, նախքան իր որդին յայտնաբերելը:

