Ամբողջ Ռուսիոյ Տարածքին Պահեստային Զինուորներու Հաւաք Կը Կատարուի
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է օգոստոս-հոկտեմբեր ամիսներուն բոլոր զինուորական շրջաններուն մէջ պահեստային զինուորներու հաւաքի մասին:
«Հիմնական զինուորական մասնագիտութիւններու գծով պատրաստումը տեղի պիտի ունենայ երկու ամսուան ընթացքին` զօրամասերուն եւ ստորաբաժանումներուն մէջ», հաղորդած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուած զինուորական մասնագիտութիւններու շարքին են կապի, հրթիռային եւ հրետանային զօրքերու ստորաբաժանումներու, ծովուժի առափնեայ ծառայութեան, երկաթուղային եւ ճարտարապետական ստորաբաժանումներու, ինչպէս նաեւ գումակային ստորաբաժանումներու պահեստի զինուորները:
Անոնք պէտք է ծանօթանան նոր, արդիականացուած զէնքերուն, զինուորական եւ յատուկ սպառազինութեան: Ուսումնական վարժանքները տեղի պիտի ունենան նաեւ հրամանատարական «Վոսթոք-2014» ռազմափորձերուն ընթացքին:
Հաւաքներուն մասնակիցները իրաւունք պիտի ունենան ստանալու զինուորական կոչման եւ պաշտօնի համար դրամական վճարումներ, պիտի վճարուին նաեւ գործուղումային ծախսերը, պիտի տրամադրուի անվճար բժշկական խնամք:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ կ՛ընդգծեն, որ այդ ծրագիրը նախապատրաստուած էր տակաւին անցեալ նոյեմբերին:

