Տահեշ Իրաքի Մէջ Քիւրտերէն Հանքավայրեր Խլած Է

08-04Saddam-Hussein«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւած են Իրաքի հիւսիսը գտնուող Զումար քաղաքն ու մարտերէ ետք տիրացած երկու նոր քարիւղի հանքերու: Քաղաքին վրայ յարձակելէ առաջ զինեալները բնակիչներէն պահանջած են լքել իրենց տուները:

Քիւրտ զինեալները շաբաթ օր յաջողած էին կասեցնել զինեալներուն յարձակումը: Այդ ժամանակ մարտերու ընթացքին սպաննուած էին 14 փեշմերկաներ: ՏԱՀԵՇ-ի զոհերուն թիւը հասած էր 100-ի, իսկ 38 ուրիշներ գերեվարուած էին:

Սատտամի Գերեզմանը Պայթեցնելու
Փորձ Մը Կանխարգիլուեցաւ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սէյֆ Ալլա Պաթթար խմբաւորման անդամ զինեալներ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի Սալահէտտին նահանգի մայրաքաղաք Թիքրիթի Օճա շրջանին մէջ գտնուող գերեզմանը փորձած են պայթեցնել, սակայն շիի միլիսները զայն պաշտպանած են: Բախումին պատճառով 8 շիի զինեալներ վիրաւորուած են, իսկ յարձակողները Օճա գիւղէն նահանջած են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )