ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԾԱԽԷ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ԱԿՈՒՄԲԸ

Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի շատ հաւանաբար ծախէ Ա. Սէ. Միլան ակումբը` նկատի ունենալով, որ անիկա 560 միլիոն եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ` ապօրինի կերպով տպագրատուն մը ձեռք ձգելուն համար, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքէջը: Նշենք, որ վերջին շրջանին ասիկա Եւրոպայի ամէնէն բարձր տուգանքն է, որ կը սահմանուի ակումբի մը դէմ:

Սակայն, այդ գծով Պերլուսքոնի վերջնական որոշում մը պիտի տայ այսօր, երբ հանդիպում ունենայ խումբին մարզիկներուն եւ այլ պատասխանատուներու հետ:

Երկրին վարչապետը 1986-էն  ի վեր Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէրն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES