«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՎԱԼԵՆՍԻԱ ԲԱՑԱԿԱՅ` ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Էքուատորի ֆութպոլի ազգային խումբի բժիշկները յայտնեցին, որ ճիշդ ժամանակին ապաքինած չըլլալուն պատճառով, յառաջապահ Անթոնիօ Վալենսիա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պրազիլի դէմ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Բ. խմբակի վերջին մրցումին:
Շատ հաւանաբար այս մրցումը Էքուատորի համար ըլլայ վերջինը` այս մրցաշարքին գծով, նկատի ունենալով, որ անիկա միայն կէտով մը կը գրաւէ խմբակին վերջին դիրքը` երեք կէտով ետ մնալով խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող խումբէն` Վենեզուելայէն: Պրազիլ եւ Փարակուէյ ունին երկուքական կէտ:
Նշենք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մաս կազմող Վալենսիա վիրաւորուեցաւ առաջին մրցումին, երբ անոր կազմը 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Փարակուէյի հետ:
CATEGORIES Մարզական


