Տեսակէտ. Ոսկէ Ծիրան 11. Հայկական Համայնապատկեր «Թեւանիկը»

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի անդամներ կը դիտեան «Թեւանիկը»

Համազգայինի անդամներ կը դիտեան «Թեւանիկը»

Թռչունն ի Քար.-  Փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» բաժնի խաղարկարկային ժապաւէնի «Ոսկէ ծիրան»-ը ստացաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ»-ը (80 վ.): Բախտաւոր  զուգադիպութեամբ մը ժապաւէնին արտադրիչը` Մասիս Բաղդասարեան,  կը մասնակցէր Համազգային միութեան Երեւանի մէջ կայացած Պատգամաւորական ժողովին: Յատուկ կարգադրութեամբ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ նոյնինքն «Մոսկուա» սրահին մէջ,  բեմադրիչին ներկայութեամբ (1): Ցուցադրութիւնը, սակայն,  ընկերային երեկոյի բնոյթ ունէր, մինչդեռ գործը հանգամանօրէն քննարկելու համար հարկ էր, որ կարենայի դիտել կրկին եւ կրկին: Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ է հրապարակաւ անդրադառնալ ժապաւէնին` անոր քաղաքական լիցքին պատճառով:

Պատերազմը դիտւած մանուկներու աչքերով

Պատերազմը դիտւած մանուկներու աչքերով

Թատերագիր Կարինէ Խոդիկեանը բեմագրութիւնը  գրած է` ընդլայնելով Առնոլտ Աղաբաբովի կարճամեթրաժ տարբերակը: «Թեւանիկ»-ը  Ջիւան Աւետիսեանին երկրորդ ժապաւէնն է, որ ղարաբաղեան պատերազմը կը ներկայացնէ անչափահասներու կեանքի ընդմէջէն  եւ դիտուած` անոնց աչքերով: Առաջին ժապաւէնն է  «Ընդհատուած մանկութիւն»-ը:  Բեմադրիչը նոյն ուղղութեամբ ունի երրորդ նախագիծ մը: Ժապաւէնը պիտի կոչուի «Վերջին բնակիչը»:  Ղարաբաղեան պատերազմը անսպառ նիւթ է: Համաշխարհային երկու պատերազմները տասնամեակներ շարունակ հիմք դարձան անհամար ժապաւէններու, որոնք սակայն չէին կրկներ զիրար: Պատերազմի արհաւիրքներու թեման յատկապէս տիրական էր Հայաստանի մէջ` երկրին կրած անհամաչափ ծանր  կորուստներուն պատճառներով:

Դիպաշարը.- Ժապաւէնը բաղկացած է երեք մասերէ` «Արամ» – էլեկիա (ողբերգ), «Աստղիկ» – սոնեթ (հնչեակ) եւ «Թեւանիկ» – ասք: Երեք զիրար խաչաձեւուող պատմութիւններ են, որոնց ընդմէջէն նիւթը հանդիսատեսին կը ներկայացուի առնուազն երեք տեսանկիւնէ:

Ազերի հրասայլեր կը մօտենան գիւղի մը, ուր անհասկնալի պատճառներով ճգնաժամի գիտակցութիւնը կը բացակայի: Այդտեղ կան միայն բուռ մը մարտիկներ (5 կամ 6): Շրջանի հրամանատարը (միակն է) որ կը խօսի արեւմտահայերէն, եւ յստակ հակում ունի տեղացի մարտիկներուն «դասախօսելու»  ռազմավարութեան եւ կարգապահութեան մասին: Կը սպաննուի խորհրդաւոր արձակազէնի մը գնդակով: Արդեօք ո՞վ է ան: Կրնա՞յ ըլլալ, որ Մոնթէն է:

Կեդրոնէն կու գայ նահանջի հրաման: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է յանկարծ լքել պապենական տունը եւ հանդերը, մանաւանդ որ գիւղացիներուն համար յստակ չէ, թէ ինչո՞ւ յարձակող ուժին կը թոյլատրուի ազատ մուտք: Մոնթէ, ներողութի՛ւն, հրամանատարը աւելի ուշ կը բացատրէ, որ թշնամիին խայծ ցոյց տրուած էր, որպէսզի կարելի ըլլար հրասայլեր գրաւել անվնաս վիճակի մէջ: Հրամանատարութիւնը կը զոհէր հայ գիւղը` ռազմավարական առաւելութիւն ձեռք բերելու համար: Ռազմական տրամաբանութիւնը բարոյական սկզբունքներուն հակադրելու բազմաթիւ օրինակներ կան հայ եւ օտար ժապաւէններու մէջ: Այստեղ արդէն իսկ ունինք մեծ հարցական մը:

Տեղացի մարտիկները կ’որոշեն անտեսել նահանջի հրահանգը եւ դիմադրել անհամեմատ գերազանց թշնամի ուժերուն: Մնալ եւ հողը պաշտպանելու կամքը առաւել ցայտուն է յամառ ծերունիներու մօտ:  Կ՛ըսեմ` «յարձակող ուժ», որովհետեւ չկայ որեւէ բացայայտ ակնարկութիւն հակամարտ կողմերու ինքնութեան շուրջ:

Microsoft Word - ??????Թորքի լակուտներու ողբերգը.- Ժապաւէնին առաջին թեման խառն ամուսնութիւններն են: Արամի հայրը ղարաբաղցի ազատամարտիկ մըն է, բայց մայրը ազերի (ա՛յ  քեզ բա՜ն…): Ի դէպ,  չափազանց գեղեցիկ, ազնիւ, համեստ, պարկեշտ եւ համակրելի կին մը: Ամուսինները կը պաշտեն զիրար: Բայց գիւղի տղաքը ջարդուփշուր կ’ընեն տան պատուհանները: Արամին մեծ հայրը կ’ուրանայ իր որդին եւ կը վռնտէ զայն հօրենական տունէն: Կը մերժէ ընդունիլ նաեւ իր թոռը` զայն նախատելով որպէս «թորքի լակուտ»: Եթէ այսքանը հասկնալի գտաք, ապա լսեցէք հետեւեալը: Արամ իր մեծ հօր տունը կը լքէ` բողոքելով, որ գիւղը լեցուն է թուրքի լակոտներով, բայց միայն զի՛նք կը կոչեն «թորքի լակուտ»: Այստեղ կը ծագի նոր հարցական մը: Արդեօք հայ-ազերի խառն ամուսնութիւնները այդքա՞ն տարածուած էին Ղարաբաղի մէջ: Եթէ այդ ալ հասկնալի գտաք, հրամեցէ՛ք հետեւեալը: Ազերի կինը իր շատ փոքրիկ երեխան (մօտ 2 տարեկան) գրկած` կը հեռանայ: Արամ կը վազէ` փորձելով հասնիլ իր մօր, բայց հայ մարտիկներ կը կտրեն իր ճամբան: Արամ ճարահատ` կու լայ (տես կողքի տեսարանը). «սահմանային» գօտիին վրայ կինը դիմաւորելու կու գայ քաղաքացիական հագ ու կապով, խաղաղ եւ բարեհամբոյր ազերի տղամարդ մը (հաւանաբար` կնոջ հայրը): Մինչ դժբախտ կինը յանձնող  հայ աները ոչ միայն հագած է զինուորական համազգեստ, այլեւ բիրտ է ու դաժան: Կարելի է Աստծուն փառք տալ, որ չէր մորթած իր հրեշտականման հարսը: Ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ հասկնամ այս ցայտուն հակասութիւնը:

Արբունքի Ցնորք.-  Երկրորդ պատմութիւնը կը վերաբերի գիւղացի աղջնակի մը, որ թեւակոխած է արբունքի տարիքը: Անուան ընտրութիւնը հաւանաբար պատահական չէ: Աստղիկը հայ դիցարանի սիրոյ աստուածուհին է: Աղջնակը իր տարիքին յարիր ցնորք մը կը սնուցանէ: Սիրահարած է գեղադէմ եւ հերոսական  հրամանատարին: Վերջինը միամտաբար զայն կը կոչէ «գիւղի գեղեցկուհին» եւ այդպիսով կրակին վրայ իւղ կը լեցնէ: Այստեղ կան հոգեբանական հարցեր, որոնք աւելի եւս կը բարդանան, երբ երեւան կու գայ խնձորի պատմութիւն մը: Թէեւ տուեալ խնձորը կարմիր չէր, ինչպէս` Ս. Գրականը, բայց, այսուհանդերձ, դուռ կը բանար կնճռոտ հարցականներու, որոնց պատասխանները միայն արբունքային հարցերու մէջ մասնագիտացած հոգեբաններ կրնան տալ: Այստեղ կայ սիրային «եռանկիւն» մը, որուն գլուխներուն վրայ կանգնած են երկու նոր արբունքի հասած պատանիներ եւ մէկ չափահաս հերոս: Խորհրդանշային խնձորը ի վերջոյ կը յայտնուի Թեւանիկի ձեռքին մէջ:

Եթէ կարողացաք վերծանել խնձորի փոխանցման այլաբանական իմաստը, ապա ձեռք առէք հետեւեալ ձեւաբանական հարցը: Թէ ինչո՞ւ ժապաւէնին տուեալ հատուածը պէտք է ընկալել որպէս տաղաչափական «հնչեակ»: Ի գիտութիւն անգիտաց` հնչեակը կը բաղկանայ երկու քառատող եւ երկու եռատող համարներէ: Աւելի ընդհանրացած է արեւմտահայ, քան արեւելահայ բանաստեղծներու գործերուն մէջ (2): Հնչեակներ չունի Տէրեանը: Որքան գիտեմ, Չարենցը ունի միայն մէկ հնչեակ (3): Արդեօք բացատրութիւնը այն է, որ աղջնակը «զարնուած» է արեւմտահա՞յ հերոսի մը:

Ասք Թեւանիկի մասին.- «Ասք»-ը պէտք է հասկնալ որպէս «դիւցազնական» դրուագ: Այստեղ կը մղուի անհաւասար ճակատամարտ: Հրասայլերու յառաջխաղացքը կը դիտեն պատանի Թեւանիկը եւ ալեհեր քաջ բիձան: Ալ ուրկէ՞ ո՛ւր ճարեր էր ան … ժանգոտ թնդանօթ մը: Պատանի-ալեհեր ջոկատը ունի միայն մէկ ռումբ: Բայց ինչե՜ր միայն չեն կատարեր տղեկները սիրահարած: Գիւղացի անփորձ տղան կը թռչի թնդանօթին վրայ, փողը կ’ուղղէ դէպի թշնամին եւ իր առաջին ու վերջին հարուածով կը կործանէ առաջին հրասայլը: Հրէշային իրագործումը կը խանգարէ հրամանատարութեան ծրագիրը: Հայ կողմը կը կորսնցնէ ե՛ւ գիւղը, ե՛ւ հրասայլ գրաւելու կարելիութիւնը: Տեղացի հայ մարտիկներ նոյնպէս կը խանգարեն արեւմտահայ հրամանատարին ծրագիրը: Անոնք կը սպասեն, որ թշնամին մօտենայ: Ապա խրամէն գոռալով դուրս կու գան եւ չափազանցուած շարժուձեւերով կը կրակեն թշնամիին ուղղութեամբ: Տեսարանը կը նմանակէ հոլիվուտեան էքշըն ժապաւէնները: Աւելի՛ն. մենք գիտենք, որ արարքը «մահ իմացեալ» է: Բայց տեսարանին մէջ չկայ որեւէ նշմար, որ հանդիսատեսին ցոյց տայ, թէ այդ ինքնազոհութիւնը որքանո՛վ «արդիւնաւէտ» էր: Ահա՛ եւ այլ հարցական մը:

Այստեղ կայ նաեւ առ երեւոյթ միջանկեալ, բայց խորքին մէջ էական կէտ մը եւս: Հայ ծերունին կը նկատէ, որ հրասայլի ազերի վարորդը կը խուսափի տրորելէ հերկուած արտերը: Գիւղացին կը ճանչնայ վարորդը: Այդ իր դրացի Հասանն է, որ կը խնայէ գիւղին արտերը (4): Ահա եւ երրորդ ազերիի տիպար մը, որ ակնյայտ մարդկային գիծ կը ցուցաբերէ:

Ժապաւէնին մէջ կան միայն երեք ազերիներ` Արամին մայրը, մօր հարազատը եւ հրասայլի անտեսանելի Հասանը: Երեք ազերիներն ալ դրական կերպարներ են, մինչ, միւս կողմէ,   հանգամանօրէն ցոյց տրուած են ժխտական հայ տիպարներ, ինչպէս, օրինակ, Արամին մեծ հայրը, գիւղի շնական եւ պատեհապաշտ սափրիչը, դաժան դաստիարակութեամբ քարսիրտ երեխաները… Հրամեցէ՛ք եւ մեկնաբանեցէ՛ք:

Tevanig4Հրամանատարը երկար դասախօսութենէ մը ետք Թեւանիկին կը վստահի վտանգաւոր յանձնարարութիւն մը: Տպաւորութիւնը այն է, որ պատանին կ’ընդունի որպէս իր հոգեւոր սանը եւ թերեւս իր պայքարի ժառանգորդը: Յանկարծ կը լսուի զէնքի շաչիւն մը: Հրամանատարը կ’իյնայ  արձակազէնի գնդակով: Թեւանիկ կը սկսի հետապնդել թշնամին` զինուած միայն իր որսորդական հրացանով, եւ ճիշդ կռահեցիք ունի միայն մէ՛կ փամփուշտ: Թեւանիկ, որ ատակ էր յանպատրաստից հրետաձգութեան, կրնար առնուազն վերցնել իր հոգեհօր զէնքը: Այդ պիտի ունենար նաեւ խորհրդանշական իմաստ: Ինչ որ է, այստեղ կը սկսի բաւական երկար էքշըն-սըսփենս տեսարան մը, ուր Թեւանիկ գաղտագողի կը սողայ, կ’ոստոստէ եւ գլուխկոնծի կու տայ մարդորսը որսալու համար: Մինչ այդ մենք կը տեսնենք թշնամին: Ո՛չ, այդ ազերի մը չէ: Ինչպէ՞ս կարելի է գտնել նոյնիսկ մէ՛կ ազերի, որ յօժարի աննամուս մարդորս դառնալ: Թշնամին սլաւական դիմագիծով արհեստավարժ զինուոր կին (իսկ ինչո՞ւ կին) մըն է: Ուրեմն` վարձկան եւ կամ գործակալ մը:

Ահա եւ ա՛յլ մեծ հարցական մը: Ո՞վ է այն քաղաքական կողմը, որ այդ ռուսանման քոմանտոն ուղարկած է Ղարաբաղ: Այս հարցականը աւելի կը շեշտուի, երբ նկատենք, որ ոչ միայն ազերիք, այլեւ հայ գիւղացիները հոգեպէս տրամադրուած չեն ազգամիջեան պատերազմի: Հայ շինականը կը գանգատի, որ (արեւմտահայ) հրամանատարը իրեն պարտադրած է իր թրաքթորով խրամ եւ ամրութիւն կառուցել, երբ հազար ու մէկ գործ կայ  գիւղին մէջ: Ինչպէ՞ս հասկնալ այս անտարբերութիւնը, եղբա՛րք, երբ որ թշնամին իր օրհասական սուրն է դրել…

Զգլխող գեղեցկութեամբ անտառին մէջ թշնամին կը հանդիպի գողտրիկ ջրվէժի մը: Թշնամին, որ իր քոմանտոյի փրչոտ տարազով մինչ այդ աւելի նման էր արջի, քան մարդու, կը մերկանայ (բոլորովին), որպէսզի լոգանք առնէ: Այստեղ կը կատարուի նոր հարցայարոյց այլակերպում մը: Երեւան կու գայ  փարթամ գեղեցկուհի մը: Անոր ձիւնաթոյր մարմինը մաքրուելու կարիք չունի: Կինը թերեւս կ’ուզէր սփոփել իր խռոված հոգին: Արբունք-տղայ  Թեւանիկ կը տեսնէ արտակարգօրէն ցանկայարոյց կնոջ մարմինը եւ բնականաբար կը քարանայ: Ի դէպ, լոգանքի ծածկադիտական տեսարանը կը տեւէ բաւական երկար: Կինը ի վերջոյ կը նկատէ տղեկը: Կը հագուի եւ արձակազէնի հրացանը ձեռքին` կը սկսի զգուշ մօտենալ` ձեռքի նշաններ ուղղելով տղուն, որ չկրակէ: «Նի նատա» (հարկաւոր չէ), կ’ըսէ ռուսերէնով (5): Արհեստավարժ մարդասպանը իր գերազանց հրացանով կրնար հեռուէն կրակել Թեւանիկի ճակտին: Բայց յստակօրէն կը տեսնուի, որ չ’ուզեր սպաննել մանուկը: Անոր գեղեցիկ դէմքը ցոյց կու տայ կարեկցութիւն: Արդեօք անոր մէջ արթնցած է մայրական բնա՞զդը, թէ՞ զինք կը կասեցնէ արհեստավարժ ընկերակցութեան բարոյական անգիր տասնաբանեան (6): Թեւանիկին բութ դէմքը անդրդուելի կը թուի: Արդեօք պատանին անդրդուելի՞ է, թէ՞ պարզապէս` քարացած: Պաստառը կը մթնի եւ կը լսուի կրակոց մը: Այդ Թեւանիկն էր… Անհաւասար ճակատումի ուղարկուած ղարաբաղցի քաջ պատանիին մահուան լուրը… Նկատել, որ բացի Թեւանիկէն, ոչ ոք կը տեսնէ արձակազէնը: Ոչ ոք գիտէ, թէ ո՞վ սպաննեց արեւմտահայ հրամանատարը: Այստեղ կը տեսնուի ա՛յլ զուգահեռ մը Մոնթէի մահուան շուրջ պտտող վարկածներու հետ: Ես չգիտեմ` ո՞ւր են տանում հեռաւոր վարկածների  ժապաւէնները (իմա՛ ֆիլմերը) մոլոր:

Գեղարուեստական.- Ժապաւէնի քաղաքական լիցքը այնքան ակնբախ է, որ զայն մէկ անգամ դիտելն իսկ բաւարար էր վերի նկատառումները գրի առնելու համար: Գործին գեղարուեստական արժեւորումը, սակայն, կը կարօտի աւելի երկար եւ ուշադիր քննութեան: Այսուհանդերձ, կարելի է տեսնել որոշ կէտեր:

Առաջին հերթին Ղարաբաղի սքանչելի եւ անաղարտ բնութիւնը կը հմայէ հանդիսատեսը: Ազգամիջեան հակամարտութիւնը տեղի կ’ունենայ երկրային դրախտի մը մէջ: Դրախտանման չէ սակայն հայկական գիւղը, իր մութի մէջ կորած խրճիթներով: Կորած թէ՛ քաղաքակրթական եւ թէ՛ բարոյական մութի մէջ:

Պատկերաւոր միտք է այլաբանական խնձորը: Անկախ իր հոգեբանական փշոտ եւ մտահոգիչ լիցքէն` ատիկա գեղարուեստական լեզուով արտայայտուած գեղեցիկ եւ ազդու գիւտ կրնայ  համարուիլ:

Ամէնէն հետաքրքրական «գիւտը» ա՛յն էր, որ ժապաւէնին երեք մասերը կը սկսէին ցոյց տալով ալեհեր ղարաբաղցիին բեռնակառքը, որ թնդանօթ մը կը կրէր դէպի գիւղ: Այս նախ եւ առաջ ցոյց կու տայ, որ դէպքերը կը պատահին նոյն օրուան ընթացքին: Թնդանօթի փողին վրայ եւ կառքին վրայ ամէնուր շարուած էին կենցաղային իրեր եւ ուտեստեղէն, մթերք: Այս կը պատկերէ գիւղին ամբողջական յանձնառութեան բացակայութիւնը: Հայ շինականը տակաւին կ’ուզէ շարունակել կեանքը այնպէս, որ կարծես ոչինչ պատահած է: Ինչ որ է:

Թնդանօթին մուտքը կը տեսնենք երեք անգամ, երեք տարբեր համայնապատկերի վրայ` դիտուած երեք տարբեր մանուկներու կողմէ: Այսինքն պատահարը կը տեսնենք առնուազն երեք տարբեր տեսանկիւններէ: Ժապաւէնը ցոյց կու տայ հարցին բազմերես բնոյթը: Շա՛տ բարի: Պարզ է, որ բեմադրիչը ատակ է ստեղծելու պատկերաւոր լեզու:

Ջիւան Աւետիսեան մեր կոկորդն ի վար չի թխմեր պատրաստ պատասխաններ: Պարզապէս հանդիսատեսը կը շշմեցնէ` ցոյց տալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կնճռոտ բնոյթը:  Բայց  ինչո՞ւ բեմադրիչը հարկ զգացած է մեզի յիշեցնելու, թէ գոյութիւն ունի ղարաբաղեան կնճռոտ իրավիճակ: Արդեօ՞ք այս մասին կա՞ն այլ կարծիքներ: Արդեօ՞ք ոչ միայն գրաւուող  գիւղի բնակիչներն են անտարբեր: Արդեօ՞ք ոչ միայն գրաւուող գիւղի բնակիչներն են տարուած «փող աշխատելով»: Բեմադրիչին նոր ժապաւէնին վերնագիրը կը հաստատէ այս մտահոգութիւնը:

Կայ նաեւ ա՛յլ հարց, որ կը վերաբերի փառատօնի կազմակերպիչներուն: Պետական հովանաւորութեան տակ կատարուած որեւէ մրցանակաբաշխութիւն կը հիմնուի աւելի քաղաքական, քան գեղագիտական նկատառումներու վրայ: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ «Թեւանիկ»-ին ընտրութիւնը, երբ Ազրպէյճան կը սպառազինուի եւ հանապազօր ոտնձգութիւններ կ’ընէ:

 

1.- Նկարին մէջ կ’երեւան համազգայնականներ`  եկած Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն: Ի դէպ, արտադրողը շատ աւելի տրամադրուած էր նկատողութիւնները լսելու, քան` բեմադրիչը:

2.- Բազմաթիւ հնչեակներ ունի Մեծարենցը, յատկապէս` «Բաբախումներ» վերնագիրին տակ: Հնչեակներ ունի նոյնիսկ… Նիկողոս Սարաֆեանը: Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ:

3.- «Կարմիր սոնետ»` նուիրուած Վալերի Բրիւսովին 1921:

4.- Թէեւ այդ հեռաւորութեան վրայ շատ դժուար է այծը զանազանել ագռաւէն, ինչպէս առակը կ’ըսէ:

5.- Արդեօք ռո՞ւս էր: Արդեօ՞ք ռուսերը կ’ուզեն պատերազմը հրահրել` հակառակ տեղացի երկու կողմերու խաղաղասիրական մտադրութիւններուն…

6.- Դիտել «In Bruges» ցնցող ժապաւէնը, որ ձեռք կ’առնէ երեք արհեստավարժ մարդասպաններու բարոյական տասնաբանեան: Ի մասնաւորի` մանուկներ սպաննելու դէմ դրուած ահեղ թապուն:

 

Share this Article
CATEGORIES