50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1964)
Հայ Մեծանուն Գրագէտները Ինչպէ՞ս
Գնահատած Են Թատրոնը
Պռօշեան, Աղայեան, Թումանեան, Սունդուկեան,
Տէրեան Եւ Ուրիշներ Դերասանութիւն Ալ Ըրած Են
Հայ դասական գրագէտները մեծապէս գնահատելով թատրոնին դերը ժողովուրդին կեանքին մէջ` ամէն կերպ կ՛օգնէին թատերական մշակոյթին զարգացման: Անոնցմէ շատերը ոչ միայն կը գրէին թատրերգութիւններ, այլեւ թատերական խումբեր կը կազմէին, կը հսկէին բեմադրութեան եւ դերասաններու խաղին, երբեմն ալ իրենք կը խաղային եւ կը բեմադրէին:
1862-ին, Պերճ Պռօշեան Թիֆլիսի մէջ կազմակերպած է թատերական խումբ մը: Ըստ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին, ան գրած է «Աղասի» խորագրով ողբերգութիւն մը, որ առաջին անգամ բեմադրուած է 1863-ին: Աղասիին դերը խաղացած է Պռօշեան:
Դերասան Գ. Պետրոսեանի բեմադրութեամբ 1895 փետրուար 6-ին Թիֆլիսի մէջ ներկայացուած է «Ուրիէլ Ակոսթա» թատրերգութիւնը: Դերասանները եղած են` Ղազարոս Աղայեան, Շիրվանզադէ եւ Յովհաննէս Թումանեան:
Յովհաննէս Թումանեան դպրոցական տարիքին այնքան խանդավառուած էր Պետրոս Ադամեանով, որ «Վարդան Մամիկոնեան» թատրերգութեան մէջ խաղացած է անոր հետ: Այս մասին Թումանեան կը պատմէ. «Վերջին գործողութիւնում ես խաղում էի սպաննուած զինուորի դերը: Մին էլ յանկարծ թատրոնը թնդաց ծափերից, գլխիս վերեւ յայտնուեց Եղիշէ Ադամեանը` ծեր Ծառուկին յենուած: Մի պահ մոռացայ, որ ես սպաննուած զինուոր եմ, մի յարմար դիրք ընդունեցի, աչքերս բացեցի, որպէսզի մի լաւ տեսնեմ Ադամեանին: Այդ պահին թուքս կատիկս թռաւ ու սկսեցի հազալ, այնքան ուժեղ էի հազում ու շարժւում, որ դեկորացիան սկսեց օրօրուիլ, թատրոնում ընդհանուր ծիծաղ բարձրացաւ, գալերիան սկսեց աղմկել ու աղաղակել: Գործողութիւնը մի կերպ վերջացաւ, վարագոյրը երբ իջաւ թէ չէ, Ադամեանը տեղից թռաւ դէպի մեռած զինուորները, կատաղած գոռալով` «Ան ո՞վ էր ծօ…»: Այդ պահին ժողովուրդը սկսեց դղրդալի ծափահարութիւններով Ադամեանին կանչել: Ես այդ խառնակ դրութիւնից «ազատուելով փախայ…»:
– Սունդուկեան իր գործերուն ժամանակ շատ անգամ բեմադրութիւնը կը ստանձնէր: 1889-ին էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանի ուսանողութիւնը կը բեմադրէ «Պէպօ»-ն` օգնութեամբ Սունդուկեանի:
– Վրթանէս Փափազեան գրագէտ եւ թատերագիր ըլլալէ զատ, նաեւ լաւ ջութակահար էր: Դերենիկ Դեմիրճեան կը պատմէ, որ իր «Հայրենիքի համար» թատրերգութիւնը առաջին անգամ բեմադրած եւ անոր երաժշտութիւնը գրած է Փափազեան:
– Մուրացան զանազան առիթներով եղած է Թիֆլիսի Հայոց տրամաթիքական ակումբի, կոմիտէի եւ թատերական այլ ընկերութիւններու յանձնախումբերու գործօն անդամ:
– Վահան Տէրեան ուսանողութեան շրջանին դահիճի դեր ստանձնած է «Շուշանիկ» ողբերգութեան մէջ: Բեմին վրայ այնքան անտարբեր եւ անհաղորդ եղած է, որ բեմադիրը, ստիպուած, զայն դուրս քշած է:
ՀՐ. ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Երկու Հանգրուան Եւս
Ու Լուսինը Պիտի Գրաւու
Պատասխանները Այն Հարցումներուն, Որոնք
«Ռէյնճըր 7»-ի Գործողութեան Առիթով
Ձեր Միտքը Կը Զբաղեցնեն
Ինչի՞ Կը Ծառայէ Լուսինը Հետախուզելը
Լուսինը մեզի ամէնէն մօտիկ երկնային մարմինն է եւ, սակայն, շատ առեղծուածներ ունի: Հակառակ Երկրի լաւագոյն հեռադիտակներուն` ծանօթ չենք անոր հողին, որ ըստ ոմանց, անհպելիօրէն բարակ մոխիրէ բաղկացած է, իսկ ուրիշներու` խճաքարերէ կամ կարծրացած լաւաներէ:
Յայտնի չէ նաեւ մեր բնական արբանեակին ներքին բաղակցութիւնը: Այս հարցումներուն պատասխանելու համար է, որ ամերիկացիք եւ ռուսեր ղրկեցին «անջրպետային հետախոյզներ»` մարդկային նուաճման անհրաժեշտ եղող տեղեկութիւններ ստանալու համար: Արդարեւ, կարելի չէ կառուցել տիեզերանաւ մը, եթէ ծանօթ չըլլանք լուսնային մակերեսի յատկանիշներուն` մարդկային չափանիշով:
Ի՞նչ Է «Ռէյնճըր»-ներուն Նպատակը
Տասը տարիէ ի վեր ամերիկացիք կը պատրաստեն «Ռէյնճըր»-ներու շարքին պատկանող բարդ մեքենաներ, զորս լուսինին ուղղութեամբ կ՛արձակեն: Նման` փոքր Էյֆելի աշտարակներուն, թեւերով օժտուած, այս փափկակազմ դիտարանները լուսինը պիտի նկարէին կարելի եղածին չափ մօտէն կամ «մեղմօրէն» իջնէին գետին` չափելու համար զանազան տարրեր, յատկապէս` լուսնի կեղեւին հաւանական շարժերը, որոնք պիտի յայտնաբերէին անոր ներքին կառոյցը:
Բոլոր այս փորձերը ձախողութեամբ վերջացան:
Ամպերու ծով կոչուած այս շրջանէն ծանօթ ենք միայն հարթ մակերեսի մը, տեսանելի` քարտէսներու վրայ: Հո՛ն է, որ ամերիկացիք կ՛ուզեն իջեցնել իրենց «Ափօլլօ» լուսնային նաւը:
Ստացուած նկարները առաջին անգամ ըլլալով ցոյց կու տան Երկրէն դուրս այլ մոլորակի մը մանրամասն կառոյցը:
Ինչի՞ Մէջ Կը Կայանայ Սխրագործութիւնը
Ամերիկացիք ցոյց տուին, թէ ի վիճակի են նաեւ ծիրի վրայ զետեղելու մեքենայ մը, ապա, նոր մղումով մը, տուեալ պահու մը զայն արագացնել եւ խլել երկրային ձգողութենէն զայն առաջնորդելու համար մինչեւ լուսնին ուզուած մէկ կէտը:
Իր ճամբորդութեան ընթացքին «Ռէյնճըր 7», իսկական մարդամեքենայ մը, կատարեց շարք մը նախապատրաստական գործողութիւններ: Բացաւ ելեկտրական ուժ հայթայթող արեւային բջիջներ պարունակող իր թեւերը, դիրք ճշդեց արեւին եւ լուսնին նկատմամբ, դէպի երկիր ուղղելով հանդերձ փարապոլիք ալեհաւաք մը, որ սահմանուած է արդիւնքներու փոխանցման:
Ինքնագործ մեքենականութիւն մը, տեսակ մը յիշողութիւն է, որ կատարեց նախատեսուած գործադրութիւնը բոլոր այս գործողութիւններուն, որոնք վերջացան հեռատեսիլի վեց տեսախցիկներու աշխատելով:
Ինչպէ՞ս Նկարեցին
Հեռատեսիլի վեց գործիքները, որոնք տարբեր ձեւով լարուած էին ստանալու համար կատարեալ նկարներ լուսաւորումով մը, որուն ուժը յայտնի չէր, մօտ 14 վայրկեան, առին նկարներ մէկ երկվայրկեանի մէկ հինգերորդի արագութեամբ:
Այս նկարներէն իւրաքանչիւրը, որոնք հեռատեսիլի տեսախցիկներուն միջոցով ռատիոելեկտրական նշաններու վերածուեցան, անմիջապէս կ՛առնուէին առաքիչ կայաններու կողմէ, որոնք զանոնք կը փոխանցէին դէպի Երկիր: Քալիֆորնիոյ Մոժաւէ անապատին մէջ հաստատուած փարապոլիք ալեհաւաքներ կ՛առնէին այդ նշանները, որոնք յետոյ կը զօրացուէին եւ կ՛արձանագրուէին մագնիսական երիզի վրայ:
Որքա՞ն Արժեց Գործողութիւնը
Վեց տարիէ ի վեր ամերիկացիք ծախսեցին 200 միլիոն տոլար` երկրին մակերեսը պեղելու համար: Նկատի ունենալով, որ «Ռէյնճըր 7» առաջին գործիքն է, որ լաւ աշխատեցաւ, առնուած նկարները ուրեմն այդ գինը կ՛արժեն: Առնուազն 4,316 նկարներէն իւրաքանչիւրը կ՛արժէ ուրեմն 46,500 տոլար:

