Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ տարուիք ուրիշներու խօսքերէն կամ թելադրանքներէն: Դուք գիտէք ձեր կեանքին ընթացքը, ձեր կարիքները, հետեւաբար ըրէք ձեր ուզածը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նկատէք, որ ձեր շուրջը շողոքորթներ կան` կեղծ ժպիտներով, անմիջապէս հեռացէք անոնցմէ: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ. միայն այդ ձեւով կրնաք յաջողութիւն արձանագրել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արուեստը ձեզ կը հետաքրքրէ: Այսօր պիտի կեդրոնանաք գեղեցիկ արուեստի աշխատանքի մը վրայ` գեղանկար մը կամ գրական երկ մը ստեղծագործելու համար:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կարծէք, որ յաջողած մարդիկ ինքնաբերաբար անուանի դարձած են: Աշխատանք եւ կամք կրնան փրկել ձեզ: Ինչ որ ընէք, սիրով ըրէք, ոչ անսիրտ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տիրապետելու մարմաջը ունիք: Դուք չէք անդրադառնար այս իրողութեան, բայց «առիւծ» կենդանակերպի յատկանիշն է: Այսուհանդերձ, մեղմ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր կեանքին ընթացքը իր հունին մէջն է, բայց մի՛ մնաք անտարբեր նոր առիթներու դիմաց: Կրնաք բարձրանալ` նոր նախաձեռնութիւններ կատարելով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներուն ըրածին մի՛ հետեւիք, իւրաքանչիւր անձ ունի իր ուրոյն կարողութիւնը, շնորհը: Ջանացէք ծաղկեցնել ձեր շնորհները: Աշխատեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի ստանաք հրաւէր մը, կը տատամսիք ընդառաջելու: Հեռու մի՛ մնաք ընկերային կեանքէ, մարդը մարդով կրնայ ինքզինք աւելի ճանչնալ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շեշտուած ինքնավստահութիւն մը ունիք, որ երբեմն կը վնասէ ձեզի: Դուք ձեզ պահեցէք ձեզմէ բարձր կամ զօրաւոր անձերու ներկայութեան:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեմտաւոր վերլուծումները կարեւոր նկատեցէք: Հետեւեցէք օգտակար գիտելիքներու, փորձառու անձերու խորհուրդները նկատի առէք: Օրը լաւ է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութիւնը ձեզ կը կանչէ: Լեռնային, դաշտային կամ ծովափի մտերմութիւն մը կրնայ խանդավառել ձեզ: Հսկեցէք ձեր առողջութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մոռցած էք մարզանքի ձեր փորձերը: Օգուտ մը չունի ափսոսալը, թէ աւելորդ քիլոներով ծանրացուցած էք ձեր շարժումները. ասկէ կը վնասուի օրուան ձեր աշխատանքը: Վերադարձէք մարզանքի` լողալով կամ քալելով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )