Նոր Հրատարակութիւններ. «Յաւերժի Ճամբու Կերտիչներէն» Հեղինակ` Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

0805Dr-yegigՄեր մօտիկ անցեալի պատմութեան, 19-րդ դարուն սկսած հայ ազատագրական շարժումին վկայութեան նուիրուած հատոր մըն է «Յաւերժի ճամբու կերտիչներէն» հատորը: 285 էջերու մէջ պարփակուած 31 ֆետայի հերոսներու ազգային ազատագրական գործունէութեան նուիրուած անձնուրացներու ծանօթացման վերաբերեալ, որ լոյս տեսեած է Պէյրութ, 2014-ին, հրատարակութեամբ ՍԴՀ կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ մարմինին:

Հատորին հեղինակը` տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան, պատմագէտի իր հմտութիւնը օգտագործած է նախանձելի աշխատասիրութեամբ: Նպատակը եղած է միայն լոյսին բերել մեր մօտիկ անցեալին իրենց կեանքն ու արիւնը նուիրած հերոսներու, կամաւոր ֆետայիներուն: Յիշել չէ միայն նպատակը այս պատմագրութեան, այլ մասնաւորաբար օրինակելիին դասն է, որ կը թելադրէ շարունակել 125 եւ գուցէ աւելի տարիներուն սկսած հայ ազատագրութեան գործը, այնքան ատեն որ մեր հայրենիքին մեծ մասը կը մնայ Թուրքիոյ բռնակալ վարչակարգի ձեռքին:

Նման ուսումնասիրական սերտողութիւններու արգասիք երկեր կը կարօտին ընթերցողին հոգեմտաւոր արթնութեան: Մեր օրերուն, երբ հայ ազգի զաւակները սփռուած են աշխարհի չորս ցամաքամասերուն, բայց հրաւէր մը կրնայ արթուն պահել անոր հայրենասիրական ոգին եւ մտածել տալ յաւերժական ազատագրութեան մասին:

Արխիւային գրականութեան վերաբերեալ պատմագիտական այս հատորին մասին «Որպէս նախաբան» առաջին էջին վրայ գրուած է հայրենի պատմաբան դոկտ. փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Յաջորդ էջին վրայ «Երկու խօսք» բացատրական գրութիւն մը ներկայացուցած է տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան:

ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան ծննդոցին պատմականը ի յայտ կու գայ առաջին ակնարկով: Օսմանեան բռնակալութեան ընդդիմացող ուսանող  երիտասարդութիւն մը կայ արեւմտեան եւ արեւելեան Հայաստանի մէջ: Մասնաւորաբար Ղարաբաղի, Նախիջեւանի, Ջաւախքի, Թաւրիզի շրջանային տարածքներու մէջ ծայր տուած է յեղափոխական արթնութիւն մը` դուրս գալու համար թրքական հալածող-թալանող եւ բռնաբարող ազդեցութիւններէն:

Հայաստան աշխարհէն դէպի եւրոպական ոստաններու մէջ ուսանելու գացած երիտասարդներ կը միանան: Մասնաւորաբար Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը ժամադրավայր մը կը նկատուի: Ռուսիա` Փեթերսպուրկ, Ռոսթով, յետոյ` Փարիզ, Յունաստան եւ այլ վայրերու մէջ յեղափոխական բջիջներ կը ստեղծուին: Նամակներու փոխանակում, օսմանեան հալածող աչքերէ հեռու մնալու թաքստոցային գործունէութիւն` անխուսափելին ներկայ են միշտ. գաղտնի կուսակցական խմբաւորումներու գործունէութիւնը անհաճոյ կը թուի օսմանեան պետութեան:

Իւրաքանչիւր ֆետայիի կենսագրութեան եւ անոր միացած լուսանկարները չեն միայն հեղինակին պատմական այս փոխանցումը: Կը հետեւին ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւն եւ աքսոր:

19-րդ դարու վերջին քառորդն է, կը հասնինք 1890-ական թուականները: Ինչպէս ըսինք, սոսկ կենսագրական տուեալներու մէկտեղում չէ հատորը, այլ անաչառ պատմաբանի մը ուսումնասիրութեան կապուած հարցեր: Հայոց ազատագրական շարժումին ամբողջ պատմութիւնը կը կարդանք: Կը ծանօթանանք Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն ֆետայական, ազատագրական շարժումին: Այս թեւին ակնարկը կայ: Հնչակեան-Դաշնակցութիւն միացեալ եւ նորոգեալ կազմակերպութիւն մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը կայ` զօրաւոր հիմերով կանգնելու համար թշնամիին սադրանքներուն դէմ: Մէկ խօսքով, հետաքրքրական տուեալներ կան, որոնց մանրամասնօրէն անդրադարձած է բժիշկ հեղինակը:

«Յաւերժի ճանապարհի կերտիչներէն»-ի մասին է խօսքը, ուսանելի ակնարկը, որ կը թելադրէ գաղափարական երիտասարդութեան` կարդալու նման գիրքեր, ճանչնալու համար հայուն անցեալէն եկած հարցերը, ինքնագիտակցութեամբ քննարկելու եղածն ու չեղածը, անհրաժեշտ լաւին ձգտելու նպատակով: Փոքր Ասիան հնչակեան գաղափարախօսութեան փորձադաշտ մը կ՛ըլլայ: Կեսարիա, Եոզկաթ եւ շրջակայ գիւղեր, աւաններ, մասնաւորաբար` Մարզուան եւ շրջակայքը. երիտասարդներու նոր խմբակներ կռուի դաշտ կ՛իջնեն, աւազակախումբերը կը հեռացնեն կամ կը սպաննեն, շարժումներ յեղափոխականներու, որոնք ձեռք կը ձգեն նաեւ զէնք ու զինամթերք, կը քաջալերուին եւ կ՛ուխտեն մնալ հայրենիքի պաշտպաններ:

Այս երիտասարդներուն մէջ առանձնաբար աչքառու դիրքի վրայ է Յովհաննէս Գայայեան, ուսեալ եւ զարգացած, լեզուագէտ եւ պատմագէտ երիտասարդ մը` եւրոպական ոստաններու մէջ զարգացած, որ կը մնայ նորակազմ կորիզներու կամ շարքերու մէջ, միշտ յառաջատար դերակատարութեամբ:

Փրոֆեսէօր մըն է ան, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն լեզուներու հմուտ, կատարած է նաեւ ուսուցիչի, տնօրէնի, դասախօսի պաշտօններ, կը թելադրէ ընկերներուն` միանալ նոր կազմաւորուող եւ միեւնոյն գաղափարի համար թշնամիին դէմ մարտնչելու ելած ՀՅ Դաշնակցութեան հետ: Չեն համաձայնիր: Հեղինակը` տոքթ. Եղիկ Ճերեճեան, անդրադարձած է տեղի ունեցած հայ եւ թուրք կամ այլազգի խումբերու հետ մարտնչումներու: Երբեմն քաջութիւնը կը պտղաւորուի եւ երբեմն ալ հայազգի մատնիչներու կողմէ կը ձերբակալուին, մինչեւ իսկ կը դատապարտուին չարչարանքներու եւ մահուան:

Հեղինակը հայ մատնիչներու անուններ կու տայ, որոնք կ՛արժանանան արդարահատոյցներու վրէժին:

Իբրեւ ընթերցող` կեդրոնացանք Յովհաննէս Գայայեանի վարքին, մշակութային ու մտաւորականի գործունէութեան վրայ: Յիշեցինք Գայայեան անգլերէնէ հայերէն եւ հայերէնէ հայերէն բառարանները, հիացանք իր յիշատակին, թէ ինչպիսի նուիրեալ հերոսներ ունեցած ենք, ազգանուէր հայորդիներ, որոնք հրաշքով փրկուած են օսմանեան կախաղաններէն:

Յ. Գայայեանի կողքին կը տեսնենք Գալուստ Արխանեանը (Հաճի Պէյ).  անոնք գործակցած են եւ` նոյն ճակատագրին ենթարկուած. բանտարկուած եւ մահուան դատապարտուած, բայց կերպով մը` փրկուած մահէն:

Կարելի չէ գիրքը բովանդակած 31 հերոսներու իւրաքանչիւրին մանրամասն տեղեկութիւններ տալ: Իբրեւ նոյն կուսակցութեան անդամ եւ միեւնոյն գաղափարին եւ ազատագրական շարժումին մասնակիցներ` բախտակիցներ են անոնք ճակատագրով, նահատակութեան ճանապարհին: Բոլորն ալ բանտարկուած են, վայրագ չարչարանքներու, ծեծի, աքսորի ենթարկուած, կախաղան բարձրացածներ են: ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան հաւատարիմներ են: Անոնցմէ քիչեր փրկուած են, որոնք հետագային պատմած են իրենց ոդիսականին մասին:

Հատորին մէջ նկատելի է, որ Հնչակեան կուսակցութեան խմորումները սկսած են 1880-ական թուականի վերջին տարիներուն: Կուսակցութեան կազմաւորման, կազմակերպման տարածքները եղած են Փոքր ու Մեծ Հայքերը: Գաղափարապաշտ կուսակցականները ծնած են մեծ մասամբ Մուշ, Վան, Թաւրիզ, Թիֆլիս, Ղարաբաղ, Էրզրում, կիլիկեցիներու չհանդիպեցանք, բայց գործունութիւն ունեցած են անշուշտ գաղտնի, ընդյատակեայ, Ատանայի եւ Զէյթունի մէջ: Այս միջոցին տեղի ունեցած են նաեւ պառակտումներ:

Մեր ընթերցանութեան միջոցին մեզ զարմացուց բազմաթիւ հայ լրտեսներու գործունէութիւնը: Անոնց լրտեսութեամբ քաջեր բանտարկուած ու աքսորուած են: Այդ լրտեսները ենթարկուած են սպանութեան` արդարահատոյց հնչակեաններու կողմէ:

Գում Գափուի եւ Պապը Ալիի ցոյցերը «աղմուկ» բարձրացուցած են կուսակցութեան ազատագրական պայքարին մէջ: Կարելի է եզրակացնել, որ ջանքերը, նուիրումը, անձնազոհ տրամադրութիւնը ունեցած են հայդուկները, բայց արդիւնքը համապատասխան չէ եղած թափուած արեան հետ:

Եթէ ոեւէ մէկը հետաքրքրուի ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան անցեալի գործունէութեամբ եւ պատմութեամբ, կրնայ գոհանալ` կարդալով տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանի «Յաւերժի ճամբու կերտիչներէն» հատորը եւ հաղորդուիլ 19-րդ դարու ազատագրութեան ճանապարհին իրագործուած հայրենասիրութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )