ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՉՈՒՐԻՉ` ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀԸ

Ալեքսանտր Չուրիչ

Թամփինս Ռովըրսի (Սինկափուր) մաս կազմող Ալեքսանտր Չուրիչ, որ ծնունդով եուկոսլաւցի է, ներկայիս կը հանդիսանայ լաւագոյն յառաջապահը` ֆութպոլի պատմութեան մէջ եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ:

41 տարեկան Չուրիչ, որ ունի աւստրալիական եւ սինկափուրեան քաղաքացիութիւն, 444 պաշտօնական մրցումի ընթացքին նշանակած է 328 կոլ:

Ան չորս կոլով կը գերազանցէ հիւսիսային իրլանտացի Կլեն Ֆերկըսընը, որ սակայն կատարած է 60 մրցում: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Մարք Լիոտ-Ուիլիըմզ (320 կոլ, 471 մրցումի ընթացքին):

Նշենք, որ 1992-ի ողիմպիականին (Պարսելոնա) ան թիավարութեան մարզաձեւին մէջ կը ներկայացնէր Պոսնիան եւ Հերցեկովինան, իսկ 2007-ին մաս կը կազմէր Սինկափուրի ֆութպոլի ազգային խումբին:

 

Share this Article
CATEGORIES