ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՖԱՔՐԱ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ. ԽՈՏԻ ՎՐԱՅ ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒԻ ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ` ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

PROFOTO

Յառաջիկայ 17 յուլիսին, կազմակերպութեամբ «Ֆաքրա» ակումբին, առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ խոտի վրայ դահուկարշաւի ցուցադրական մրցում մը` մասնակցութեամբ Եւրոպայէն ժամանած տասնեակ մը դահուկորդներու:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին սկսելիք այս ցուցադրական մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Ֆաքրա» ակումբին դիմացը կառուցուած 27 հազար մեթր տարածութիւն ունեցող վայրին մէջ:

Նշենք, որ դահուկարշաւէն բացի, տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սնոպորտի մրցում:

Share this Article
CATEGORIES