Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
Համազգայինի 20-րդ ուսանողական հաւաքի մասնակիցներուն վերջին չորս օրերը յատկացուած էին Արցախ այցելութեան:
Հինգշաբթի առաւօտեան դէպի Արցախ ճամբուն վրայ անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ, Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան եւ Նորավանք:
Երեկոյեան խումբը հասաւ Արցախ, եւ ընթրիքէն ետք բոլորը միասին շրջեցան Ստեփանակերտի մէջ:
Ուրբաթ, 1 օգոստոսի առաւօտեան, հաւաքի մասնակիցները այցելեցին արցախեան ազատամարտի զոհուած ազատամարտիկներու եւ անյայտ կորսուածներու զոյգ թանգարանները, ապա մեկնեցան դէպի Արցախի Ազգային ժողովի շէնք, ուր հանդիպեցան Ազգային ժողովէն պատուիրակութեան մը հետ:
Ապա, ֆորումականները այցելեցին զօրանոց, ուր ծանօթացան բանակի առօրեային եւ աշխատանքներուն:
Ճաշի դադարէն ետք խումբը մեկնեցաւ դէպի Գանձասարի եկեղեցի եւ ճամբուն վրայ կանգ առաւ Վագրի լերան առջեւ: Երեկոյեան, Ֆորումականները այցելեցին Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան, ուր ընթրեցին եւ ազգային երգեր երգեցին:
Շաբաթ օր ֆորումականները այցելեցին Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցի եւ Ջդրդուզ: Անոնք նաեւ հանդիպեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի պատանեկան ճամբարի կազմակերպիչներուն հետ եւ շրջագայեցան դպրոցին մէջ:
Կէսօրէ ետք, ուսանողները այցելեցին Ասկերանի բերդ, որմէ ետք մեկնեցան դէպի Ասկերանի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցան քաղաքապետին հետ:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք` պանդոկին մէջ:
Կիրակի, 3 օգոստոս 2014-ը հաւաքին վերջին օրն էր: Ֆորումականները վերադարձան Արցախէն եւ ճամբուն վրայ հանդիպեցան Արենիի գործարան:
Երեւան վերադարձին ֆորումականները ընթրեցին, ապա մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ մթնոլորտի մէջ միասնաբար հաճելի ժամեր ապրեցան: