Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (15 Տարեկանէն Վար). Լիբանան Յաղթեց Յորդանանին` 84-72 Արդիւնքով
Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած երրորդ մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը 84-72 (30-22, 45-31, 68-50 եւ 84-72) պարտութեան մատնեց Յորդանանը:
Այսօր, յետմիջօրէին ժամը 16:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, Լիբանան կը կատարէ իր չորրորդ մրցումը հիւրընկալ երկրին` Իրանի դէմ:
CATEGORIES Մարզական