Փորթուկալ 6,58 Միլիառ Տոլար Պիտի Ծախսէ Իր Մեծագոյն Դրամատունը Փրկելու Համար

0804_Bank«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Փորթուկալ մտադիր է երկրին մեծագոյն դրամատունը` «Պանքօ Էսփիրիթօ Սանթօ»-ի պահպանման համար 6,58 միլիառ տոլար ծախսել:

Ըստ տեղեկութեանց, բանակցութիւններէն ետք Փորթուկալն ու Եւրոպական Միութիւնը որոշում տուած են դրամատունը բաժնելու երկու ընկերութիւններու:

Անոնցմէ մէկուն մէջ պիտի հաւաքուին բոլոր խնդրայարոյց պահեստներն ու հաշիւները, որոնք պէտք է վճարուին բաժնետէրերուն, այսինքն` Էսփիրիթօ Սանթօ ընտանիքի անդամներուն:

Պետութիւնը մտադիր է հաշիւներուն միւս մասը վճարել 2012-ին ստեղծուած կայունացման հիմնադրամէն:

 

Share this Article
CATEGORIES