Չինաստանի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է
«Ինթըրֆաքս»` յղում կատարելով «Սինխուա» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի հարաւարեւմտեան Եունան նահանգի Լուտիան կոմսութեան մէջ կիրակի օր արձանագրուած 6,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 367-ի:
1300 քաղաքացիներ վիրաւորուած են, իսկ 200 ուրիշներու ճակատագիրը կը շարունակէ անյայտ մնալ: Նախապէս կը հաղորդուէր 150 զոհի մասին:
Երկրաշարժին պատճառով աւերուած են 12 հազար տուներ, վնասուած են երեք հազար ուրիշներ:
Բազմաթիւ մարդիկ կը շարունակեն մնալ փլատակներու տակ:
CATEGORIES Միջազգային

