Ռուսիա. «ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ճնշում Կը Գործադրէ Մալեզիական Օդանաւի Ջախջախման Հետաքննութեան Վրայ»

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ Ռուսիոյ առաքելութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն որոշած է ճնշում գործադրել Տոնեցքի մէջ մալեզիական օդանաւի ջախջախման հետաքննութեան վրայ:

«ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը որոշած է չսպասել քննութեան աւարտին եւ ճնշում գործադրել», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախապէս Ռուսիոյ Տումայի միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի ղեկավար Ալեքսէյ Փուշքով յայտարարած էր, որ եթէ Ռասմուսեն հաւաստի տուեալներ ունենար այն մասին, որ ռուսամէտ զինեալները մեղաւոր են օդանաւին ջախջախման համար, ապա կը ներկայացնէր զանոնք:

Ռասմուսեն ֆրանսական «Միտի Լիպր» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած էր, որ բազմաթիւ ապացոյցներ կան, որոնք կը մատնանշեն «անջատողականներուն» մեղքը օդանաւին ջախջախման հարցին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES