«Էրտողան Պաշտպան Կը Կանգնի Տինքի Սպանութեան Դերակատարներուն» Կ՛ըսէ Չեթին

0804_Cetin«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ նոր փոթորիկ մը ծագած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 31 յուլիսին արտայայտած կարծիքին պատճառով: Ան ըսած էր, որ Տինքի սպանութեան խնդիրը անհատական բնոյթ ունէր, եւ կը կարծէ, որ սխալ պիտի ըլլայ ատոր ետին փնտռել կազմակերպութիւն մը: Բան մը, որ շատերու ականջին խորթ հնչած է` նկատի ունենալով, որ դատարանը նախապէս վճռած էր, որ սպանութեան ետին կազմակերպութիւն մը կար:

Տինքի սպանութեան դատավարութեան փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին «Ճիհան Հապեր» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Էրտողան նախապէս իր ըսածներուն հակառակը ըսելու սկսած է եւ այս ձեւով պաշտպան կը կանգնի սպանութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցողներուն:

Չեթին ըսած է, որ Էրտողան ինքն իրեն կը հակասէ: Ան կ՛անտեսէ Էրկենեքոնի հարցով ձերբակալուած եւ հիմա ազատ արձակուած դէմքերը, ինչպէս` Վելի Քիւչիւք, Մուզաֆֆեր Թեքին, Քեմալ Քերինչսիզ եւ Սեւկի Էրեներոլ, որոնք դերակատարութիւն ունին Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ:

Ըստ Չեթինի, Էրտողան այս ձեւով 180 աստիճան ետդարձ մը կատարած է: Ան մէկ կողմէ սկսած է պաշտպանել բուն պատասխանատուները, միւս կողմէ դէմ եկած է Թուրքիոյ քրէական օրէնքին, որովհետեւ իր յայտարարութիւնը կրնայ ազդել դատարանին որոշումին վրայ, մինչ դատավարութիւնը տակաւին կը շարունակուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )