Պըրրի Կոչ Ուղղեց Լիբանանցիներուն Զօրակցելու Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն

Ասիրի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ասիրի, որուն այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր, ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն համար եւ մաղթեց, որ այդ զարգացումներուն նկատմամբ լիբանանեան պետութիւնը միակամ կեցուածք կը ցուցաբերէ` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակումները` ընդգծելով, որ անոնք գետնի վրայ իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրենց շարքերը միասնականացնելու եւ զօրակցելու բանակին ու ապահովութեան ուժերուն:

