Իրան. «Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի»

0804_AfkhamԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիյէ Աֆխամ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է շարունակելու բանակցութիւնները` մինչեւ համաձայնութիւն ձեռք բերելը:

Աֆխամ ցաւ յայտնած է վերջին բախումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար եւ կողմերուն կոչ ուղղած է զսպուածութիւն ցուցաբերելու:

Share this Article
CATEGORIES