Արսալի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Սաստկանան. Կառավարութիւնը Միակամ Կեցուածքով Բանակին Կը Զօրակցի` Մերժելով Հաւատադրժողական Զինեալներուն Հետ Քաղաքական Լուծումի Յանգիլ

0804_Army-Arsal_11_-(2)Երէկ երրորդ օրն ըլլալով լիբանանեան բանակին եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան եւ ստացան աւելի սաստիկ բնոյթ:

Բանակը իր թնդանօդներով եւ բազմափող հրթիռային համակարգով ռմբակոծեց Արսալի մէջ գտնուող հաւատադրժողական զինեալներուն դիրքերը եւ յառաջխաղացք արձանագրեց` իր հակակշիռին տակ առնելով Արսալի արհեստից վարժարանն ու շրջակայքը, որոնք նախանցեալ օր գրաւուած էին զինեալներուն կողմէ:

Բանակը կրցաւ ազատագրել նաեւ Մուսթաուսեֆ կոչուող շրջանը եւ Ուատի Հոսընը, ինչպէս նաեւ սպաննեց մեծ թիւով զինեալներ:

Բանակին օժանդակութեան նպատակով Արսալ փոխադրուած անկարգելաւորներուն եւ մասնայատուկ ուժերուն կողքին, Արսալ ուղղուեցաւ նաեւ արագ միջամտութեան 5-րդ վաշտը:

0804_Army-2Բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ բախումները կեդրոնացան Թալլաթ Սարժի, Այն Շաապի եւ Արսալի արեւմտեան լեռներուն վրայ: Բանակը ծանրօրէն ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը, բանակին կողքին սուրիական օդուժը եւս ռմբակոծեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալները, որոնք ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, հազարաւոր են:

Ուշ գիշերին հաղորդուեցաւ, որ բանակը հասած է Ռաս Սարժ, շրջափակած լեռնային Արսալի արեւելեան լեռնաշղթան եւ օղակի մէջ առած Ուատի Արիանի եւ Ուատի Աթայի միջեւ գտնուող զինեալ ահաբեկիչները:

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Արսալի բախումներուն ընթացքին սպաննուած է Մոհամետ Ֆրտաուսը, ծանօթ` իբրեւ Ապի Հրէյրա, որ Ժապհաթ Նուսրայի Այշա փաղանգներուն հրամանատարն էր:

Գետնի վրայ բանակին որդեգրած միջոցառումները ցոյց տուին, թէ այդ պատերազմը պիտի շարունակուի եւ զինադադարի հաւանականութիւններ չկան:

0804_Army-1Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ցարդ նահատակուած են 14 բանակայիններ, վիրաւորուած են 86 զինուորներ, իսկ 22 ուրիշներ` անյայտ կորսուած:

Բանակին հաղորդագրութեան համաձայն, Արսալի արեւմտեան, հարաւային եւ արեւելեան մուտքերը կը գտնուին բանակին հակակշիռին տակ:

Բանակը գուժեց իր անդամներէն Նուրէտտին Ժամալի, Տանի Ժոզեֆ Հարպի, Եհիա Ալի Տիրանիի, Հիւսէյն Մելհեմ Համզայի եւ Ահմետ Ալի Հաժ Հասանի նահատակութիւնը:

Միւս կողմէ, բանակը կրցաւ Արսալէն դուրս բերել 50 ընտանիքներ` նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները կը ստիպեն անոնց մնալու Արսալի մէջ եւ կը գնդակոծեն տեղահան ըլլալ փորձող ընտանիքները:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ հաստատեցին նաեւ, որ զինեալները հրկիզած են տեղահանուածներուն բնակարանները:

Ահաբեկիչներուն ռմբակոծումներուն պատճառով հրթիռներ ինկան նաեւ Լապուէի եւ Նապի Օսմանի մէջ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Գիշերուան ժամը 11:00-ին Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը ապահովական հովանիով եւ հիւանդատար ինքնաշարժներով մուտք գործեց Արսալ` վիրաւոր քաղաքացիները փոխադրելու եւ գերեվարուած զինուորները ազատ արձակելու նպատակով: Երկու ժամ ետք հաղորդուեցաւ, որ պատուիրակութիւնը կրակոցի ենթարկուած է եւ անոր անդամները վնասներ կրած են: Նախնական տուեալներով կրօնաւորներու պատուիրակութեան մէջ արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ` Սալեհ Ռաֆիհի, Ժալալ Քալաշ եւ Նեպիլ Հալապի:

Լիբանանի ժամով կէս գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի ապահովութեան ուժերուն` Արսալի մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն դէմ անոնց մղած պատերազմին առումով:

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստ

0804_ministrial_councilԱրսալի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը պատճառ դարձաւ, որ կառավարութիւնը երէկ գումարէ արտակարգ նիստ մը` միայն Արսալի օրակարգով:

Կառավարութեան նիստը գումարուեցաւ վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն ետք, վարչապետ Սալամ, ներկայութեամբ նախարարաց խորհուրդին, յայտնեց, որ Արսալի այս վտանգաւոր դէպքերուն ի տես կառավարութիւնը որոշած է կազմ ու պատրաստ մնալ` իր պետական եւ ապահովական կառոյցներով, պաշտպանելու համար Լիբանանը, դիմադրելու անոր ապահովութիւնը խախտելու բոլոր փորձերուն եւ կանխարգիլելու Լիբանանը արտաքին տագնապներու միջամուխ դարձնելու կարելիութիւններուն:

«Լիբանանեան բանակը, որուն շարքերուն մէջ օրական դրութեամբ նահատակներ կ՛արձանագրուին, երկրին կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական բոլոր ուժերուն զօրակցութիւնը կը վայելէ: Կառավարութիւնը միասնականութեամբ կը զօրակցի բանակին եւ անոր ստանձնած սուրբ առաքելութեան: Կը հաստատենք, որ արիւնարբու ահաբեկիչներուն նկատմամբ թուլամորթ պիտի չըլլանք: Ոչ մէկ թուլութիւն պիտի ցուցաբերուի անոր նկատմամբ, որ ոտնձգութիւն գործեց Լիբանանի դէմ եւ վնաս հասցուց անոր զաւակներուն: Կը մերժենք հաւատադրժողականներուն հետ քաղաքական լուծումի յանգիլ: Կը մերժենք այս խմբաւորումները, որոնք արաբական ընկերութիւնները թիրախ կը դարձնեն կրօնական տարօրինակ ու մութ կարգախօսներով եւ համոզումներով, ինչպէս նաեւ իրենց հիւանդ վարուելակերպը կ՛ուզեն Լիբանանի մէջ գործադրել», ըսաւ վարչապետ Սալամ:

Ան հաստատեց, որ միակ լուծումը այն է, որ զինեալները Արսալէն ու անոր շրջակայքէն հեռանան եւ լիբանանեան պետութիւնը հասնի այդ շրջանները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյս յայտարարած է Արսալի մէջ զինադադարի նախաձեռնութեան մասին, ի՞նչ է ձեր կարծիքը», վարչապետ Սալամ ըսաւ. «Այդ մասին հարց տուէք շէյխ Մէյսին»:

Մուսթաֆա Հուժէյրի. «Ներքին Ապահովութեան
Ուժերու Անդամներն Ու Բանակայինները
Գերեվարուած Են»

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին, լիբանանեան պետութեան կողմէ պահանջուած յանցագործ Մուսթաֆա Հուժէյրի հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներն ու բանակայինները գերեվարուած են եւ կը մնան անոնց մօտ` ապահով վայրերու մէջ:

Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կռուող բոլոր զինեալ խմբաւորումները կը գտնուին Արսալի եւ անոր բարձունքներուն վերեւ:

Ան շեշտեց, որ Արսալ ամբողջութեամբ պատանդ է եւ շրջանին որոշումը անոր բնակիչներուն չեն պատկանիր:

Միւս կողմէ, Արսալի բնակիչները յայտնեցին, որ ահաբեկիչները 13 բանակային սպաննած են Արսալի մէջ, ինչ որ պատճառ դարձած է զինադադարի կարելիութիւնը ջնջելու:

Թրիփոլիի Մէջ

Առ ի զօրակցութիւն Արսալի, երէկ յետմիջօրէին Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ շրջանէն ցուցարարներ իսլամական սեւ դրօշներով ցոյց-քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Ապու Ալի հրապարակ:

Անոնք դատապարտեցին Արսալի դէպքերը եւ հրկիզեցին լիբանանեան ու Հըզպալլայի դրօշները:

Ցուցարարները փորձեցին փակել Թրիփոլիի փողոցները, սակայն լիբանանեան բանակը կրցաւ իր հակակշիռին տակ պահել կացութիւնը եւ արցունքաբեր կազեր օգտագործելով ցրուեց զանոնք:

Երեկոյեան Պապ Թըպպանէի եւ Պաքքարի կողմէ գնդակոծուեցաւ Ժապալ Մըհսեն շրջանը, իսկ Ապու Ալիի հրապարակին վրայ լսուեցան կրակոցներ:

Շրջանին մէջ բանակը խստացուց իր շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը:

Հակազդեցութեան Ալիք

0804_arsal6Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանցիներուն միասնականութեան խորհրդանիշն է:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր բացարձակ զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` Արսալի ազատագրումին առումով: Ան հաստատեց, որ Արսալը պէտք է Ժապհաթ Նուսրայէն եւ ՏԱՀԵՇ-ն ազատագրել` առանց թուլութիւն ցուցաբերելու հաւատադրժողական խմբաւորումներուն նկատմամբ:

Ան ըսաւ, որ այդ զինեալները պէտք է հեռանան Արսալէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը անոնց նկատմամբ ձեռնածալ պիտի չմնայ: «Մուսթաքպալ հոսանքին համար Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը կարմիր գիծ են եւ արգիլուած է անոնց դէմ յարձակիլ», ընդգծեց Հարիրի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մղուած պատերազմը գոյութենական պայքար կարելի է նկատել:

Ան ողջունեց բանակին նկատմամբ Հարիրիի ցուցաբերած զօրակցութիւնը` խստիւ դատապարտելով բանակին դէմ կատարուող յայտարարութիւնները:

Ան ըսաւ, որ նման յայտարարութիւններ Լիբանանը կը մղեն դէպի յաւելեալ վտանգներ:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան միասնականութեամբ զօրակցելու բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն. ան զարմանք յայտնեց, որ կատարուած իրողութիւն դարձած ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ ինչո՛ւ միջազգային ընտանիքը լուռ կը մնայ` աւելցնելով, որ հաւանաբար անիկա փաստ մըն է, թէ մեծ պետութիւնները մեղսակից են անոր գոյութեան:

Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ հաւատադրժողականներուն կողմէ բանակին դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը մաս կը կազմէ շրջանին դէմ գործուող դաւադրութեան:

Ան խստիւ դատապարտեց կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ արտասանուած համայնքային եւ յարանուանական յայտարարութիւնները եւ բանակին դերակատարութիւնը կասկածի տակ առնողները` հաստատելով, որ բանակին առաքելութիւնը բնաւ պէտք չէ կասկածի տակ առնել:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ բոլորը կը զօրակցին երկրին պատերազմը մղող բանակին` աւելցնելով, որ Լիբանան իր տարբեր շրջաններով եւ զինք բաղկացնող զանազան շերտերով բանակին խարիսխը կը նկատուի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց իր կուսակցութեան զօրակցութիւնը բանակին եւ պահանջեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան ծիրը ընդլայնել` ներառելով նաեւ Արսալի սահմանները:

Հըզպալլայի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք շեշտեց, որ իրենք բանակը առանձին պիտի չձգեն` աւելցնելով, որ Լիբանանը պաշտպանելու առաքելութեան առումով իրենք բանակին կը զօրակցին:

 

Share this Article
CATEGORIES