Թրքական Մամուլի Անդրադարձը` Ղարաբաղի Սահմանագիծին Վրայ Արձանագրուած Վերջին Զարգացումներուն

0805_turkish-press«Սիվիլնեթ» կը գրէ, որ թրքական մամուլը եւս աշխուժօրէն կը մեկնաբանէ հայ-ազրպէյճանական սահմանային միջադէպերը: Թրքական մամուլը մեծամասնութեամբ ազրպէյճանական մամուլի ազդեցութեան տակ է եւ կը սնի գերազանցապէս ազրպէյճանական աղբիւրներէն: Բացի ատկէ, այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ բաւական աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ ազրպէյճանական լոպին:

Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն մէջ արագօրէն տարածուեցաւ իրականութեան չհամապատասխանող այն տեղեկութիւնը, թէ հայկական կողմը իբրեւ թէ մեծաթիւ զոհեր ունեցած է: Այսպէս, «Զաման» կը ծանուցէ. «Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ վերջին երկու օրերուն Ազրպէյճանի հետ բախումներու ընթացքին զոհուած է 20, վիրաւորուած` 26 զինուոր: Այդ իսկ պատճառով Հայաստան Ազրպէյճանի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով հրաժարած է ուժի կիրարկումէն»:

Աշխուժացած են նաեւ վերջին տարիներուն Կարսի մէջ հաստատուած ազրպէյճանցիները, որոնց կազմակերպութիւնները կը բարձրաձայնեն «ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքները» վերադարձնելու հարցը: Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Կարսի մզկիթներէն մէկուն մէջ ուրբաթ օրուան նամազ կատարուած է` սպաննուած ազրպէյճանցիներուն յիշատակին:

Սակայն ընկերային ցանցերուն վրայ այս նիւթին վերաբերեալ լուրերու մեկնաբանութիւններուն մէջ թուրք օգտատէրերը տարակուսանք կը յայտնեն ազրպէյճանցի զինուորներու մարտական պատրաստուածութեան վերաբերեալ եւ երբեմն վիրաւորական արտայայտութիւններ կ՛ունենան ազրպէյճանցի զինուորներու հասցէին` հայկական ուժերուն յաւուր պատշաճի դիմադրութիւն ցոյց չտալու համար:

Share this Article
CATEGORIES